ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԽՈԿԱՌՆՈՒՄ

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, 21-23 Սեպտեմբեր 2020-ին, Կրանպի քաղաքի «La Maison de spiritualité des Trinitaires» Վանքին եւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Թեմիս հոգեւորականաց դասը ունեցաւ երկօրեայ խոկառնում, որ առիթ հանդիսացաւ հոգեպէս վերանորոգուելու, եւ առաւել բծախնդրութեամբ լծուելու Աստուծոյ խօսքի տարածման ու հովուական աշխատանքներու գործին։

​Երկօրեայ խոկառնումը յագեցած էր աղօթքի պահերով, Աստուածաշնչական խորհրդածութիւններով, ժամերգութիւններով, հոգեւոր մտամփոփման պահերով, դասախօսութիւններով ու գործնական աշխատանոցներով:

​ Ներկայացուեցան դասախօսութիւններ՝ «Քրիստոնական Ղեկավարութեան Ըմբռնում»-ի մասին, (հիմնուած Henry Nouwen-ի “In the Name of Jesus” գիրքին վրայ), որ ներկայացուց Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը։ Ապա Արժանապատիւ Տոքթ. Տ. Վահան Քհնյ. Գույումճեան ներկայացուց՝ «Հովիւին Դերը Տագնապներու Դիմագրաւման Մէջ» (The role of the Pastor in Crisis Management)։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց «Հովուական Ծառայութեան Արժեւորում» մը, եւ ներկայացուց «Յատուկ Արարողութեանց Գրքոյկ»-ը, որ պիտի գործածուի Թեմիս մէջ։ Տեղի ունեցաւ աշխատանոց մը Տիկին Նայիրի Բաբախեանի կողմէ, որ ծանօթացուց հոգեւորականները համակարգչային յատուկ ծրագիրներու, իսկ Տիկին Ծովիկ Թերզեան խօսեցաւ եկեղեցականներու կենսապայմաներուն մասին, որ կը տրամադրուի Ազգային Առաջնորդարանիս եւ Թեմիս եկեղեցիներուն կողմէ։

Հոգեպարար այս օրերը, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականներուն համար առիթ հանդիսացաւ ի մի խմբուելու, Աստուծոյ հետ ըլլաու եւ բաժնեկցելու քահանայական կոչումի մասին իրենց մտորումները, խորհրդածութիւններն ու ներշնչումները, եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ վերադառնալու իրենց համայնքները եւ շարունակելու ծառայութիւնը՝ նոր աւիւնով եւ յանձնառութեամբ։

​Նշենք, որ տեղի ունեցաւ նաեւ եկեղեցականներու սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նշեց Թեմիս հոգեւորականներուն քահանայական ծառայութեան ամեակները՝ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի ձեռնադրութեան եւ օծման 10-րդ ամեակը, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի 25-րդ ամեակը եւ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանի 35-րդ ամեակը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց հոգեւոր հովիւներու ջանասիրութիւնն ու անսակարկ նուիրումը իրենց կոչումին ու առաքելութեան, կանգ առաւ ժողովուրդի կարիքները միասնական ճիգերով հոգալու անհրաժեշտութեան առջեւ, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլանք դիմագրաւելու որեւէ դժուարութիւն կամ ժողովուրդի կարիք, ապա հաստատեց, որ մեր հաւաքական աշխատանքը եւ ծառայութիւնը կրնանք յաջողցնել, երբ կատարեալ գիտակցութեամբ, լրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ մօտենանք մեր կոչումին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ծառայեական երկար ու տոկուն տարիներ մաղթեց Քահանայ հայրերուն ու Երէցկիններուն, նշելով, որ իրենք եւս մաս եւ բաժին ունին անոնց առաքելութեան ու ծառայեական կեանքի յաջողութեան մէջ։

​Նշենք նաեւ, որ Առաջնորդ Սրբազանը առանձնաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն հետ եւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն ու առաջադրանքներուն, որոնք կը կարօտին երախտաշատ ճիգերու աւելի եւս լարումի։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us