ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ Տ. ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԹԱՇՃԵԱՆՆ ՈՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՏԱԹԵՒ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐ

Տնօրինութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ համախորհուրդ Թեմիս Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, Հոգեշնորհ  Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանն ու Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը նշանակուեցան Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներ:

Արդարեւ, Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնի Ս. Պատարագի հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Թորոնթոյի համայնքին պաշտօնապէս ներկայացուց նոր Հոգեւոր հովիւները, խօսելով անոնց  ծառայութեան եւ վաստակին մասին, կոչ ուղղելով, որ  ծխական համայնքն ու ժողովականութիւնը սերտօրէն գործակցելով  հվիւներուն հետ, նոր յաջողութիւններու հասցնեն համայնքն ու ծխական շրջանի հաւաքական կեանքը:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us