«ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ» ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ «ՀՈՐԻԶՈՆ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ 40-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

–  Զեփիւռ Ասատուրեան եւ Վրէժ Արմէն Արթինեան ստացան  Օրհնութեան գիրեր

– Վիգէն Աբրահամեան արժանացաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» շքանշանին

-Վահագն Գարագաշեան արժանացաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին

 

Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Մոմթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ  Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, տեղի ունեցաւ «Հորիզոն» պաշտօնաթերթի հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսութիւն-ճաշկերոյթը: Ներկայ էին Գանատայի Զբօսաշրջութեան, լեզուի եւ ֆրանսախօսութեան նախարարուհի Մելանի Ժոլի,  Դաշնակցային երեսփոխան Ֆայսալ Խուրի, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Արամ Էլակէօզ, Լաւալի Վիմի շրջանին Ազատական կուսակցութեան թեկնածու Աննի Քութրաքիս, Ազգային Վարչութեան եւ Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ «Հորիզոն»ի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:

Հանդիսութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Օրհնութեան գիրը, եւ Ազգային Առաջնորդարանի Օրհնութեան գիրին հետ յանձնեց «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանին:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնութեան գիրեր յանձնեց Զեփիւռ Ասատուրեանին  եւ Վրէժ Արմէն Արթինեանին, որուն մէջ կը գնահատէր անոնց նուիրումն ու բազմամեայ ծառայութիւնը ընդհանրապէս Հայ Մամուլին եւ մասնաւորաբար «Հորիզոն»ին: «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան Պաշըքճեան ստացաւ յուշանուէր մը, իսկ «Հորիզոն»ի անգլերէն եւ ֆրանսերէն ներդիրի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան արժանացաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» շքանշանին: Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքով եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին՝ 25 տարուան հայ մամուլին մատուցած անսակարկ ու նուիրեալ ծառայութեան համար:

Իր օրհնութեան  ու գնահատանքի խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրազանը դրուատեց

Հայ մամուլին ու մասնաւորաբար «Հորիզոն»ին դերն ու ծառայութիւնը հայակերտման ու հայապահպանման գործին մէջ, նշելով, որ «Հայ մամուլը սփիւռքեան մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ սոսկ լրատուութիւն չէ որ կը կատարէ, այլ կու գայ ու կը հանգչի մեր ընտանիքներու ճաշասեղաններուն վրայ որպէս ամէնօրեայ սնունդ։ Ան կու գայ եւ կը շրջի մեր ընտանեկան յարկերէն ներս որպէս շրջուն դպրոց։ Հայկական օճախներուն մէջ Ս. Գիրքէն յետոյ միակ բանը որ հայերէն կարդալու համար կը փնտռուի՝ հայերէն թերթն է։ Ան ոսկի կամուրջ կը դառնայ, հաղորդ դարձնելու մեզ հայրենիքի նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ հեռաւոր գաղութներուն մէջ կատարուած իրադարձութեանց։ Հայ մամուլի միջոցով Մեսրոպաշունչ հայոց լեզուով եւ հայ մշակոյթի տարրերը կը փոխանցուին մեզի»:

«Հայ մամուլը աշխարհացրիւ հայութեան ինքնուրոյն դիմագծի պահպանման, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ վերջապէս հայ դատի հետապնդման եւ մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման հետամուտ կը դառնայ։ Այս իմաստով, հայ մամուլի դիրքն ու ճակատագրական դերը մեծ է։ Հայ մամուլը հայեցի շունչն ու ոգին փոխանցողն է։ Այդպէս գործած է հայ մամուլը, սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ եւ այսպէս եղած է հայ մամուլին առաքելութիւնը երէկ, այսօր եւ վստահաբար վաղը նոյնը պիտի ըլլայ», շեշտեց ան։

Անդրադառնալով «Հորիզոն» շաբաթաթերթի անհատնում ծառայութեան՝ հայ մամուլին, հայ մշակոյթին, հայ քաղաքական մտքի զարգացման, հայ դատի հետապնդման, հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան, հայրենասիրութեան ու հայապահպանման աշխատանքներուն, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց.- «40 տարիներ շարունակ «Հորիզոն»ը մնացած է հայ մամուլի վայել բարձրութեան վրայ, մնացած է պատնէշի վրայ բազմապիսի դժուարութիւններ յաղթահարելով։ 40 տարիներ շարունակ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը եղած է փոխանցողը երկրին մէջ տիրող քաղաքական անցուդարձերուն հետ  զուգահեռ ազգային կեանքը յուզող տարբեր երեսները՝ եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ զանազան ձեւի անցուդարձեր»։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով բոլոր անձնուրաց ղեկավարներն ու ազգայինները, գրչի մշակներն ու խմբագիրները, որոնք «Հորիզոն»ը հրատարակելու տեսիլքը ունեցած են եւ այդ տեսիլքը իրականացնելու համար յանձն առած են ամէն տեսակի զոհողութիւն եւ նուիրում։ Ան գոհութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ միջոցառման համար եւ յաջողութիւն մաղթեց «Հորիզոն»ի բոլոր աշխատակիցներուն, անձնակազմին ու մեծ ընտանիքին:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us