Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման առիթով, ԳանատայիՀայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ ԱնմահՊատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյմէջ։
Սուրբ Խորանին սպասարկեցին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանը։
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «24 Ապրիլ 1915…արիւնոտ թուական մը, որդրոշմուած է ոչ միայն պատմութեան էջերուն վրայ, այլ՝ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ։
Այս օրը՝ զայրոյթի օր է…ցասումի օր է…բայց մանաւանդ՝ ՉՄՈՌԱՆԼՈՒ օր է։ Չմոռնալ պատմութիւնը…մերժողովուրդին դէմ ծրագրուած ամենասարսափելի ոճիրը՝ ցեղասպանութիւնը։
Դարձեալ ժամադրուած ենք հանդիպելու մեր սրբադասուած նահատակներուն հետ։ Մերնահատակները միայն զոհեր չեն։ Անոնք՝ վկաներ են։ Այսօր անոնք՝ սուրբեր են։ Անոնք՝ Քրիստոսիխաչակիցներն են։
Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակին առիթով, կուգանք ըսելու որ, մենք չենք կանգնածմիայն անցեալի յիշողութեան, այլ՝ ներկայի եւ ապագայի պատասխանատուութեան առջեւ։ Այսօր եսխոնարհաբար կը հանդիպիմ առաջին նահատակ հոգեւորականին՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Օտապաշեանին եւ յուզմունքով կը կրեմ անոր լանջախաչը։
Այսօր, մեր պայքարը բազմաբնոյթ է։
Պայքար՝ մեր լեզուին համար, որ մեր հոգիին ձայնն է։ Պայքար՝ մեր մշակոյթին համար, որ մերինքնութեան կնիքն է։ Պայքար՝ մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն համար, որոնք մեզ կը պահենորպէս ազգ։ Եւ պայքար՝ մեր հայրենիքին, հողին եւ արժանապատուութեան համար, ոչ միայն այն ինչ որունինք այսօր, այլ նաեւ այն՝ ինչ որ մեր տեսլականն է՝ ազատ, անկախ եւ ամբողջական հայսաստան։
Ազգեր իրենց արդար իրաւունքներուն կը տիրանան այն ատեն, երբ իրենց կեանքը կը վերածենյարատեւ, գիտակից եւ աննահանջ պայքարի։
Թող մեր նահատակներուն յիշատակը դառնայ ուժ՝ գոյապայքարը շարունակելու։ Եւ արդարութիւնը, որուն համար պայքարեցան անոնք, դառնայ մեր յաղթանակը։
Յիշողութիւն՝ այո։ Բայց նաեւ՝ յարատեւ պայքար, պայքար մինչեւ յաղթանակ։
Փա՜ռք մեր սրբադասուած նահատակներուն։
Յաւերժ փա՜ռք անմահ հայ ժողովուրդին»։
Պատարագի աւարտին, հաւատցեալները Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ ուղուեցանդէպի Ազգային Առաջնորդարանի կողքին գտնուող Նահատակաց Յուշարձան-Խաչքար, ուրԲարեկխօսական կարգ կատարուեցաւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկ ու կէսմիլիոն նահատակներուն, որոնք իրենց արիւնը թափեցին յանուն իրենց հաւատքին ու հայրենիքին։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգային Կեդրոնանական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ ԺիրայրՊասմաճեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան յարգանքի ծաղկեպսակ մըզետեղին յուշարձանին դիմաց։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ































