ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Հանգստեան Կը կոչուի
ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ ԳԵՂԱՐԴ Ծ. ՎՐԴ. ՔԻՒՍՊԷԿԵԱՆ
Կը նշանակուի Հոգեւոր Հովիւ
Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ
 
​Թեմական ծառայական կեանքին մէջ դժուարագոյն պահերէն մէկը այն է, երբ Կանոնագրութեան հիման վրայ հանգստեան կը կոչուի եկեղեցական մշակ մը։ Հետեւաբար, այսու կը տեղեկացնենք, որ Թեմիս հոգեւորականաց դասէն՝ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեան 30 տարիներու ծառայութենէ ետք, որպէս կրթական մշակ եւ Հայ եկեղեցւոյ սպասաւոր, Թեմիս Կանոնագրութեան Համաձայն, 31 Դեկտեմբեր 2020-ին պաշտօնապէս հանգստեան կը կոչուի։ Արժանապատիւ Տէր Հօր կը մաղթենք քաջառողջ եւ երկար կեանք եւ կ՛ըսենք մշակը արժանի է իր վարձքին։
Յայտնենք նաեւ, որ բարձր տնօրինութեամբ, Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան նշանակուեցաւ Գէմպրիճի՝ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ շրջակայ քաղաքներու (Guelph, Waterloo, Kitchener), մնայուն հոգեւոր հովիւ։
Գերապատիւ Հայր Սուրբը պաշտօնապէս ստանձնեց հովուական իր պաշտօնը Գէմպրիճի եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ՝ 1 Սեպտամբեր 2020-ին եւ Կիրակի, 6 Սեպտեմբերին, ան պիտ պատարագէ եւ քարոզէ Գէմպրիճի՝ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։
Մեր աղօթքն է, որ Աստուած Հայր Սուրբին առողջ եւ արեւշատ կեանք պարգեւէ ու իր ծառայական կեանքին մէջ՝ բեղուն գործունէութիւն։
 
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us