Աւագ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2026-ին, Նախագահութեան Գանատայի Թեմի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կարգ ապաշխարողացժամերգութիւնը, որմէ ետք մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագը որով յիշատակուեցաւ ՎերջինԸնթրիքն ու Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումը։
Ս. Պատարագը մատուցեց՝ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։
Քարոզի փոխարէն կարդացուցեաւ Հաղորդութեան մասին Սուրբ Բարսեղ Հայրապետի գրած աղօթքըԱռաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ:
Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ











