«ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ» ԼՍԱՐԱՆԸ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ինքնութեան Ճանաչում» խորագրով լսարան մը, որ առիթ եղաւ քննարկելու սփիւռքահայութեան ինքնութեան ճանաչման հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանը, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պրն. Համբիկ Քարայեանն ու անդամներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ եւ սփիւռքի հիմնահարցերով հետաքրքրուող եւ հայակերտումի ու հայապահպանութեան սրբազան գործին հաւատացող հանրութեան մը:

Յանուն Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հայեցի Դաստիարակութեան խորհուրդին, բարի գալուստի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ խորհուրդի անդամ Տոքթ. Սիմա Աբրահամեան Յովհաննէսեան: Ան ներկայացուց լսարանի նիւթերն ու դասախօսները:

Լսարանը բաժնուած էր երեք դասախօսութիւններու: Առաջին դասախօսն էր Տոքթ. Լալէ Մանճիկեան, որ ներկայացուց ինքնութեան ճանաչումն ու Հայրենիք եւ պատկանելիութիւն: Երկրորդ դասախօսն էր Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, որ ներկայացուց ինքնութեան ճանաչումն ու  կրօնքն ու եկեղեցին, իսկ երրորդ դասախօսը՝ Պրն. Քրիստափոր Միքայէլեան, որ ներկայացուց Ինքնութեան ճանաչումն ու լեզուն եւ մշակոյթը նիւթը:  Երեք դասախօսներն ալ գիտկան, վաւերագրական պատմական փաստերով եւ օրինակներով ներկայացուցին իրենց նիւթերը: Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին:

Իր օրհնութեան եւ փակման խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց Հայեցի Դաստիարակութեան խորհուրդին ջանքերը, գնահատանքով անդրադարձաւ դասախօսներուն նախանձախնդիր մօտեցումին եւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ինքնութեան ճանաչման այն մարտահրաւէրներուն ու առաջադրանքներուն, որոնք կը կարօտին երախտաշատ ճիգերու աւելի եւս լարումի։

Հանդիպումը վերջ գտաւ ընկերային մտերմիկ պահով:

Նշենք, որ նոյն դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Թորոնթոյի մէջ:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us