ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

«Ամենադժուար ու տագնապալից պայմաններուն մէջ իսկ,

հայ ժողովուրդը կրցած է խորհրդաւոր գմբէթով

դէպի երկինք սլացող ու գաղտնի ճամբայ բացող

իր հաւատքի ամրոցը կառուցել»,

շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը

2023-ին կ’ամբողջանայ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակը, որ արգասիքն է իրերայաջորդ առաջնորդներու, հոգեւոր հովիւներու, հոգաբարձուներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի վաստակին, որոնց անդուլ աշխատանքին ու նուիրուածութեան շնորհիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին արդարացիօրէն եղաւ ու կը մնայ հաւատքի միջնաբերդ ու գոյատեւման երաշխիք Թորոնթոյի հայութեան համար:

Արդարեւ, Եկեղեցւոյ քառասնամեակին առթիւ, Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 Նոյեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութիւն եւ Ս. Պատարագ՝ նոր թափով ու տեսիլքով վերընձիւղելու համար եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ու երթը:

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան քառասնամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը, յագեցած քրիստոսաբոյր շարականներով, ասմունքով եւ երաժշտական գողտրիկ յայտագիրով:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տաթեւ Աւ. Քահանայ Միքայէլեան, որ յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ողջունեց ներկաները, եւ ի ձեռն ունենալով եկեղեցւոյ հիմնադրութեան ուռնակը՝ երիցիս թակեց զայն, նշելով, որ «Երջանակայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Սարգիսեան միեւնոյն ուռնակով թակեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դռները եւ «Բաց Մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ հիմը դրաւ ալեկոծ

ծովուն դիմաց պայքարող այս խաղաղ Նաւահանգիստին»։

Ապա, Ներկայացուեցաւ եկեղեցւոյ պատմականը նկարագրող տեսերիզի մը:

Հանդիսութեան ընթացքին արտասանուեցան ողջոյնի ու սրտի խօսքեր՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ զանազան յանձնախումբերու նրկայացուցիչներու կողմէ:

Ողջոյնի խօսքով հանդես եկաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, որ ընդգծելով եկեղեցւոյ ծառայեական կեանքի ամբողջանուէր օղակները նշեց.- «Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 40 ամեակներու անմահագրուած հարուստ աշխատանքը, մարդասիրութիւնը, ծառայասիրութիւնն ու իր հաւատացեալներուն նուիրուածութեան ամբողջ կենսագրութեան գրառումը, վկայակոչումն ու կեանքի կոչելը, մէկ հեղինակ ու դերակատար ունի եւ աւելին, անոր կը նուիրենք այս տարեդարձի գնահատականը, որն է՝ մեր ժողովուրդը»։

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը գնահատագրեր եւ յուշանուէրներ յանձնեցին եկեղեցւոյ պայծառութեան ի խնդիր ծառայող վաստակաւորներու:

Յոբելենական ձեռնարկին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնութեան գիրերով պատուեց տիկնայք Նորա Սարգիսեանը, Մարալ Պէքարեանն ու Անահիտ Զաքարեանը: Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» շքանշանին արժանացան տիկնայք Մարալ Գավասեանն ու Մարիժան Պայրագտարեան-Զաաթարը: Իսկ Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշաներ ստացան Տիար Յարութիւն Գասապեանը եւ Բարեշնորհ Մելքոն Սարկաւագ Քարկոցեանը:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց տօնելու եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-րդ ամեակը, որ խորքին մէջ ցոլացումն է անցեալի եւ ներկայի իրերայաջորդ սերունդներու հաւաքական ջանասիրութեան ու վաստակին:

Վեր առնելով յոբելենական հանդիսութեան իմաստը, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ ամեակները սոսկ տօնակատարութիւններ չեն, այլ առիթներ՝ անդրադառնալու անցեալի ձեռքբերումներուն, գնահատելու հիմնադիրները եւ ուխտելու յաղթական նոր աւիւնով ծառայելու՝ անոնց օրինակով:

Անդրադառնալով եկեղեցւոյ դերին, Սրբազանը նշեց, որ Հայ եկեղեցին հայոց պատմութեան հոլովոյթին մէջ դարձած է հոգեւոր ու հաւատքի տուն եւ հաւաքավայր համայնքի զաւակներուն, ուր անդադար հնչած են ոչ միայն աղօթքն ու շարականը, այլեւ՝ մեծասքանչ տարրերը Մեսրոպ Մաշտոցի։ Այսօր եւս ան կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը, քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու նոր սերունդին, ոգի ներշնչելու եւ մանաւանդ արթնցնելու այն հաւատքն ու գիտակցութիւնը, որ իրենք քրիստոնեայ, հայ եկեղեցւոյ լիիրաւ անդամ ու հայ ազգի արժանաւոր զաւակներն են։

​Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը եզրափակեց շնորհաւորելով ու գնահատելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու անոնք՝ որոնք նպաստած են եկեղեցւոյ պայծառացման ու շինութեան օրհնեալ գործին, գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւներուն ու հոգաբարձութեան անդամներուն եւ բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն, յորդորելով շարունակել նախնեաց ճանապարհն ու ծառայական ուղին։

​Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:

​Աւարտին, ներկաները բոլորուեցան Հայ Կեդրոնին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, կարկանդակի հատում եւ վաճառք, որուն հասոյթը պիտի նուիրուի Արցախահայութեան:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

​Յոբելենական հանդիսութեանց ծիրին մէջ, Կիրակի 19 Նոյեմբեր 2023-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:​

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ, ապա, ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ կեանքը իմաստաւորող եւ կենսաւորող նուիրեալ ծառայողներուն ու ծխական համայնքին, յորդորելով՝ նոր աւիւնով ու կենսունակութեամբ ընթանալ այն ճանապարհէն, որ հարթած են մեր նախնիները:

Անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ դերին, ան շեշտեց, որ «Ամենադժուար ու տագնապալից պայմաններու մէջ իսկ, հայ ժողովուրդը կրցած է խորհրդաւոր գմբէթով դէպի երկինք սլացող ու գաղտնի ճամբայ բացող իր հաւատքի ամրոցը կառուցել»:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին, յատուկ կերպով յիշուեցան եկեղեցւոյ կնքահայրերը, բարերարներն ու վաստակաւոր ծառայողները, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականերն ու մեր հայրենիքի պաշտպանութեան ճանապարհին ինկած բոլոր նահատակ զինուորները:

Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւնը:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us