«Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան», շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէս

Շաբաթ 17, Յունիս 2017ին, տեղի ունեցաւ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան», շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը։
Հանդէսին ներկայ էին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քհնյ. Գոյունեան եւ Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեանը։
Բացման խօսքը կատարեց վարժարանի տնօրէն՝ Իվան Սրկ. Գեադայեանը։ Իր խօսքին մէջ լայն օրէն անդրադարձաւ վարժարանի կատարած հայ շունչով ու ոգիով, նոր սերունդ պատրաստելու վսեմ առաքելութեան ու ծրագիրներունմասին։ Ապա գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, վարժարանիս Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան բարերարներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմին ու տնօրէն մարմիններուն, որոնք իրենց ժրաջան աշխատանքով յաջողցուցին այս տարուայ կրթական ծրագիրը։
Յընթացս հանդէսին, աշակերտները ներկայացուցին, զանազան գեղարուեստական, բանաստեղծական, մշակութային եւ հայրենասիրական, երգեր, պարեր, ասմունքներ ու նաեւ թատրոն։
Տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, երեք շրջանաւարտ աշակերտներու։
Աւարտին, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, խօսք առնելով, իր հայրական պատգամը փոխանցեց վարժարանի աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ապա ծնողներուն, գնահատելով անոնց կատարած զոհողութիւնը, ի խնդիր իրենց զաւակներուն մշակման, հաւատալով հայեցի դաստիարակութեան ջամբման կենսական պահանջքին ու պայմանաւորութեան։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us