ԴՊՐԱՑ, ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակնամտից ժամերգութեան աւարտին, Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցիէն ներս, Դպրաց եւ Կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն կատարեց։

Ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան:

Ձեռնադրութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ձեռնադրեալ նորընծայ դպիրներն ու կիսասարաւագները։

Իր պատգամին մէջ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս թելադրեց նորընծայ դպիրներուն ու կիսասարկաւագներուն, որ բծախնդրութեամբ կատարեն իրենց յանձնուած պաշտօնները, ի մտի ունենալով Քրիստոսի խօսքը.«ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է» (Ղկ 16.10)։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անոնց թելադրեց նաեւ, որ նմանին Քրիստոսի, օրինակ առնեն Քրիստոսի ծառայութենէն եւ ծառայեն առանց փոխարժէքը ակնկալելու։

Ապա իր գնահատանքը յայտնեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներուն ու Հոգաբարձութեան անդամներուն եւ շնորհաւորեց Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ու նորընծաներու ընտանիքներուն:

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 31 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարեց Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։

Ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան:

Սուրբ Խորանին սպասարկեցին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ծառայող՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը:

«Այսօր երեք ընծայեալներ ստացան սարկաւագական աստիճան ստացան։ Դպրութենէ սարկաւագութեան բարձրացան։ Աւելի պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեցին։ Ի՜նչ ուրախանալի երեւոյթ է, որ այսօր մենք ունինք յանձնառու երիտասարդներ, որոնք պատրաստ են ծառայելու։ Պատրաստ են նուիրուելու։ Պատրաստ են Եկեղեցին պայծառացնելու ու նորոգելու։ Պատրատ են առաւել պատասխանատուութեամբ ծառայելու Եկեղեցւոյ։ Մէկ խօսքով, այս հոգեւոր կեանքի ճանապարհորդութեան մէջ մտնելու՝ ծառայելու, ծառայելու եւ շարունակ ծառայելու», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us