ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ Տ. ԳԵՂԱՐԴ Ծ. ՎՐԴ. ՔԻՒՍՊԷԿԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ՍԱՌԱ ՔՈՐՆԻՆԿԻ ԱՐՁԱՆԻ ՔՕՂԱԶԵՐԾՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ «Սառա Քորնինկ» հիմնարկին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, համագործակցութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին,  Շաբաթ, 14 Սեմպտեմբեր 2019-ի կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, Գանատայի Եարմութ քաղաքի պատմութեան թանգարանի շրջափակին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանին: Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, սոյն հանդիսութեան մասնակցեցաւ Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան:           Հայր Սուրբը օրհնեց յուշարձանը եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորական եւ գնահատանքի խօսքը:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us