Երեւան, 27 Դեկտեմբեր 2025_ Օրհնութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներու բաժանմունքին եւ «Կարօ Յովակիմեան» Հիմնադրամին ու համագործակցութեամբ Ալավերդիի Համայնքապետարանին եւ Project Innable Foundation-ին, տեղի ունցաւՀայաստանի Լոռիի Մարզի Ալավերդի վարչատարածքի բնակավայրերու ընկերային խոցելի պայմաններու մէջ ապրողընտաինքներու երեխաներու համար ամանորի բարեսիրական ծրագիրը։
27 Դեկտեմբերի առաւօտեան կամաւորները մեկնեցան Լոռիի Մարզի՝ Ալավերդի համայնք եւ հանդիպեցան Ջիլիզա, Ծաղկաշատ, Կարմիր Աղեկ, Մղարթ, Ծաթեր, Հագվի, Արդվի, Կաճաճկուտ, Աքորի, Մեծ Այրում, Շամլուղ, Նեղոց, Այգեհատ, Արևածագ, Ակներ եւՍանահին գիւղերու 300 երեխաներու հետ, որուն ընթացքին Կաղանդ Պապան մանկապատանեկան թատերական ներկայացումէնետք իւրաքանչիւր երեխայի նուէրներ բաշխեց։
Ալավերտի վարչատարածքային համայնքը ունի 27 գիւղական բնակավայրեր, որոնց բնակչութեան մէջ կան անապահովընտանիքներ։ 2024 թուականի հեղեղին պատճառով, համայնքի խոցելի ընտանիքներու թիւը աւելիով բարձրացաւ։
Այս ծրագիրը յոյսի շող բերաւ համայնքին մէջ բնակող կարիքաւոր ընտանիքներուն, ուր երեխաներու ամանորեայ այս հեքիաթըդարձաւ մանկութեան ջերմ յիշատակ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

