Բաբգէն Արքեպիսկոպոս կատարեց բացումը՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանին

20160906_093427

6 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Թեմակալ Առաջնորդը ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի վերամուտի բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

Նոյն օրը, Տէր եւ Տիկին Վարուժ եւ Սիլվա Լաբոյեանները կատարեցին Մէկ Միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը Ամէնօրեայ դպրոցին։ Այս առթիւ, երկրորդական վարժարանը անուանուեցաւ ՀՕՄ-ի Լաբոյեան Երկրորդական Վարժարան։

Սրբազան Հայրը իր մաղթանքները կատարեց աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ Լաբոյեան ամոլին։

20160906_093432 ars-day-school lapoyan-donation

 

 

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us