Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վարդապետ Շխրտմեանի, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. ՅակոբՎարդապետ Եագուպեանի եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանի, այցելեցՕնթարիոյ Նահանգի Խորհրդարան։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իր շքախումբը դիմաւորուեցան Նահանգային Երեսփոխան ԱրիսՊապիկեանի օգնական՝ Պրն. Արիս Մովսէսեանի կողմէ։

 

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր շքախումբին հետ ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանի մէկ նիստին, ուրԵրեսփոխան Արիս Պապիկեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իր շքախումբի ներկայութիւնը։

 

Նիստէն ետք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս առիթը ունեցաւ այցելելու Երեսփոխան Արիս Պապիկեանիգրասենեակը եւ հոն հանդիպեցաւ կարգ մը նախարարներու հետ, ուր առիթը եղաւ զրուցելու Օնթարիոյիհայ համայնքի մասին։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ