ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ՅԱԿՈԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ՝ շրջելով դասարանները: Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընդունեցին Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանն ու Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Օրդ. Լորի Ապրաքեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանը։

​Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց աշակերտները, տնօրէնութիւնն ու դաստիարակները, շնորհաւորեց կրթական տարեշրջանի վերամուտը, խրախուսեց զանոնք, որ համավարակի այս դժուարին օրերուն լրջութեամբ կը հետեւին ուսումնական ու կրթական ազնիւ գործին, եւ խօսքը յատկապէս աշակերտներուն ուղղելով, շեշտեց, որ Հայ Դպրոցի յարկին տակ աճելով՝ անոնք տարուէ տարի աւելի եւս կը սպառազինուին քրիստոնէական ու հայկական արժէքներով, եւ մաղթեց, որ նոր սկսող տարին ընթանայ անվտանգ եւ առիթ ծառայէ մեր մատղաշ սերունդին հոգիները հարստացնելու հայութեան, քրիստոնէական ու ազգային գանձերով։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us