ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ «Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ 26 Հ.Մ.Ը.Մ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։

 

Կիրակի, 4 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

Օրուայ պատարագիչն ու քարոզիչն էր, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեան։

 

Յընթացս Ս. Պատարագի, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը պարգեւատրուեցաւ 26 Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտականներու: Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց թեկնածուները եւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշան շնորհեց անոնց, յորդորելով՝ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us