ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՔԷՊԷՔԻ ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ՊՐՈՒՍ ՄԱՅԸՐԶ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՄԻՋՈՑԱՌՄԱՆ

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, յատուկ հրաւէրով մը մասնակցեցաւ Քէպէքի Անկլիքան Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Պրուս Ճոզըֆ Մայըրզ Եպիսկոպոսի գնահատման միջոցառումին:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի «Թամարի» սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան:

Նշենք, որ Մայըրզ Եպիսկոպոս գնահատանքի արժանացաւ իր ունեցած միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական ծառայութիւններուն համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց Մայըրզ Եպիսկոպոսին, շեշտելով միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us