DSC_0223

Image 1 of 6

Հինգշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը՝ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, ՀՄԸՄ «Կամք» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ ՀՄԸՄ Լաւալի Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամներուն։

 

Հանդիպման ներկայ էին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը եւ Ազգային ՎարչութեանԱնդամներ։

 

ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Եղբյր. Մանօ Քէօսէյեան, շնորհակալութիւնյայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հիւրընկալութեան համար եւ ներկայացուց ՀՄԸՄ ԳանատայիՇրջանի եկող տարուան ծրագիրները։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց բոլորին նոր տարինեւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով՝ յաջողութիւն, համբերութիւն եւ օրհնեալ ծառայութիւն։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ