ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԴՊՐԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵՑ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

            Կիրակի, 19 Յունիս 2022-ը յիշատակելի օր մը եղաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար: Արդարեւ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսապետեց Ս. Պատարագի արարողութեան եւ յընթացս Ս. Պատարագին, Դպրութեան ձեռնադրութիւն կատարեց եւ ուրարակրութեան արժանացուց դպրաց դասի եօթ անդամներու՝ Ստեփան Տէմիրճեանի, Խաչիկ Սարգիսի, Արէն Պապիկեանի, Մհեր Պանքեանի, Սեւակ Պապիկեանի, Հրակ Պանքեանի եւ Պարգեւ Մկրեանի։

            Ս. Պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան:

            Ձեռնադրութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց օրուան պատգամը՝ փառք տալով Աստուծոյ այս շնորհազարդ օրուան առթիւ։ Ան շնորհաւորեց նոր ձեռնադրեալ դպիրներն ու ուրարակիրները, մաղթելով իրենց բեղուն ծառայութիւն, խոնարհութեամբ, սիրով ու հնազանդութեամբ լեցուն։ Սրբազան Հայրը ողջունեց գաղութի զաւակները եւ դրուատեց եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ու տարուած աշխատանքները։

            Խօսելով եկեղեցւոյ ծխական կեանքին մէջ ծառայութեան կարեւորութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Յիսուս իր առաքելութեան ընթացքին ծառայեց սիրով, խոնարհութեամբ ու կարեկցութեամբ, շատ յաճախ ըլլալով աղքատին, հիւանդին ու անօգնականին հետ, ուստի բոլորս հրաւիրուած ենք այսպիսի ծառայութիւն մատուցելու։

            Աւարտին, Սրբազան Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց նորընծաներուն պատրաստակամութեան համար, որոնք առաւել խանդ պիտի բերեն գաղութի ծառայական կեանքին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us