ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ «Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԸ ՇՆՈՐՀԵՑ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 10 ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ

Կիրակի, 9 Փետրուար 2020-ին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշան շնորհեց Հ.Մ.Ը.Մ. ի տասը սկաուտներու, որոնք մասնակցած էին Ազգային Առաջնորդարանիս դասընթացքներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց թեկնածուները եւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշան շնորհեց անոնց, յորդորելով՝ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us