ԱՌԱՋԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԱՌԱՋԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

P1180081

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, աշխարհի բոլոր եկեղեցիները Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցւոյ միութեան աղօթքի շաբթուան։

Կիրակի, 18 Յունուար 2015-ին, Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան, մասնակցեցաւ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած Միջ-եկեղեցական արարողութեան, ուր ներկայ էին հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։  Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան եւ Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us