ՈՒԻՆԶԸՐԻ ՄԷՋ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԾԽԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱՅՆՔ

ՈՒԻՆԶԸՐԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ «Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ»

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՈՎ

 

        24 Մարտ 2019-ը Ուինզըրի հայութեան համար եղաւ պատմական ու անկիւնադարձային օր մը, երբ պաշտօնապէս հիմը դրուեցաւ ծխական նոր համայնքի մը, որ կոչուեցաւ «Ս. Ստեփանոս» եկեղեցական ծխական համայնք անունով:

Արդարեւ, Կիրակի 24 Մարտի յետմիջօրէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանի եւ Տիթրոյթի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քահանայ Գէորգեանի, այցելեց շրջանի հայութեան, եւ ընդառաջելով անոնց փափաքին հիմը դրաւ ծխական-եկեղեցական նոր համայնքին, որ խորքին մէջ պսակումն էր այն հոգեկան կապին, որ գոյութիւն ունէր Գանատայի Հայոց Թեմի եւ Ունզըրի հայութեան միջեւ:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնի մէջ: Առաջնորդ Սրբազանն ու ընկերակից հոգեւորականները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան շրջանի հայութեան կողմէ: Տեղի ունեցաւ «Խաղաղական» ժամերգութիւն, որուն աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր հոգեւոր պատգամը: Ժամերգութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանն ու շրջանի հայութիւնը սիրոյ սեղանի շուրջ ունեցան մտերմիկ երկխօսութիւն:

Նշենք, որ Ուինզըրի մէջ տարիներէ ի վեր արդէն իսկ կը գործեն Հ.Յ.Դ.-ի «Ռուբէն» կոմիտէութիւնն ու Հ.Օ.Մ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, որոնք հսկայական գործունէութիւն կը ծաւալեն շրջանի հայութեան ազգային, մշակութային եւ ընկերային կեանքը բարելաւելու ի խնդիր: Այս իմաստով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ շրջանի հայութեան հանդիպումը առիթ եղաւ, որ անոնք ծխական համայնք դառնալու ճամբուն վրայ կատարեն նախնական ծրագրում, ընտրեն գործադիր առաջին մարմինը՝ հոգաբարձական կազմը:

Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Ուինզըրի հայութիւնը՝ նորաստեղծ համայնքին առիթով, գնահատեց ցարդ տարուած աշխատանքներն ու բարի երթ մաղթեց համայնքի յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Այս առիթով, ուրախ ենք յայտնելու, որ «Ս. Ստեփանոս» ծխական համայնքէն ներս շուտով սկիզբ պիտի առնեն կանոնաւոր հոգեւոր մատակարարութեան աշխատանքներն ու եկեղեցական արարողութիւնները:

 

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us