ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ ՄԻՕՐԵԱՅ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

            Հովանաւորութամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Շաբաթ 24 Նոյեմբեր 2018-ին, Քինկսթընի «DELTA Kingston Waterfront Hotel»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմիս սարկաւագներու եւ դպրաց դասերու միօրեայ համախմբում:

            Հաւաքի բացման աղօթքն ու խօսքը արտասանեց Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, մաղթելով շինիչ եւ արդիւնաբեր օր մը:

            Հոգեւոր խորհրդածութեամբ հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազանը, նիւթ ունենալով՝ «Սէրը Պայման Ծառայութեան»: Ան շեշտեց, որ փոքր ու մեծ ծառայութիւններ չկան, այլ կայ սիրով եւ ինքնանուիրումով տոգորուած ծառայութիւն, որ հաճելի է Աստուծոյ համար եւ որուն արդիւնքը կը պսակուի յաջողութեամբ:

            Համախմբումը յագեցած էր դասախօսութիւններով:

            Առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Բարեշնորհ Իվան Սրկ. Գեադայեան, նիւթ ունենալով «Ներածութիւն Ս. Պատարագի Ծիսական եւ Արարողական Կարգ»:

            Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Բարեշնորհ Յարութ Սրկ. Կիւլոյեան, նիւթ ունենալով «Պատարագի Երգեցողութեան Երաժշտական Տարբերակները»:

            Երրորդ եւ չորորդ դասախօսութիւնները կատարեց Բարեշնորհ Իվան Սրկ. Գեադայեան, նիւթ ունենալով «Պատարագը – Մեր Ամբողջական Մասնակցութիւնը» եւ «Սարկաւագներուն եւ Դպրաց Դասի Անդամներուն Պարտականութիւններն ու Պատասխանատուութիւնները»:

            Օրակարգի վերջին բաժնով տեղի ունեցաւ շարականի ուսուցում եւ երգեցողութիւն, գլխաւորութեամբ  Բարեշնորհ Վարուժան Սրկ. Մարգարեանի:

            Փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան առաջին հերթին գնահատեց մեր եկեղեցիներուն ծառայող բոլոր սարկաւագներն ու դպրաց դասերու անդամները, եւ յորդորեց, որ անոնք լեցուին առաքինութիւններով ու խոնարհութեամբ ու նուիրումով կատարեն իրենց առաքելութիւնը։

            Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով աւարտեցաւ համախմբումը։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us