ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Հովանաւորութամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմիս Ազգային Վարչութեան, Շաբաթ 24 Նոյեմբեր 2018-ին, Քինկսթընի «DELTA Kingston Waterfront Hotel»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմիս Ազգային Երեսփոխաններու եւ ծխական շրջաններու Հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողովը, որ առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Թեմիս մարտահրաւէրներուն ու ծրագիրներուն մասին եւ որոնելու վերաշխուժացման աւելի արդիւնաւոր միջոցներ:

            Խորհրդաժողովին ներկայ էին Ազգային Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներն ու Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգաբարձուները:

            Հանդիպումը սկիզբ առաւ Տէրունական Աղօթքով:  

            Ողջոյնի խօսք արտասանեց Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Թէրզեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ կանգ առաւ նման Խորհրդաժողովներու դերին ու կարեւորութեան վրայ:

            Ապա, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները զեկուցումներ ներկայացուցին իրենց շրջաններու գործունէութեանց եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, առիթ ունենալով փոխադարձաբար օգտուելու փորձառութիւններէ։

            Զեկուցումներէն ետք տեղի ունեցան այժմէական երեք նիւթերու շուրջ զրոյց-ներկայացումներ: Առաջին նիւթն էր՝ «Գանատայի Հայոց Թեմը եւ Երիտասարդութիւնը», զորս ներկայացուց Օրդ. Նազիկ Հանէշեան: Երկրորդ նիւթով հանդէս եկաւ Տիկին Սեմալին Պէքարեան, որ ներկայացուց «Գանատայի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Կարեւորութիւնը»: Ժողովականները առիթ ունեցան լուսաբանական հարցումներու եւ ազգային ու եկեղեցական մտահոգութեանց  մասին տեսակէտներու փոխանակման։

            Այնուհետեւ, Պրն. Համբիկ Գարայեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ աշխատանոց մը՝ «Գանատահայութեան ապագայի դիմագիծը» նիւթով, որուն ընթացքին արծարծուեցան  ընդհանրական բնոյթի մարտահրաւէրներն ու վերաշխուժացման գաղափարներ եւ ծրագիրներ:

            Օրակարգի վերջին կէտով, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն մը:

            Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով անդրադարձաւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն ու  ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց նուիրեալ ծառայութիւններուն, ողջունեց անոնց նախանձախնդիր մօտեցումը եւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն ու առաջադրանքներուն, որոնք կը կարօտին երախտաշատ ճիգերու աւելի եւս լարումի։

            Հանդիպումը վերջ գտաւ օրհնութեան աղօթքով։

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us