ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՕՆԹԱՐԻՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՊԱՏՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԼԱՓՈՅԵԱՆԻ Ի ՊԱՏԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Չորեքշաբթի, 20 Մարտ, 2019-ի երեկոյան ժամը 8:00-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հաւաքոյթ մը ի պատիւ Պրն. Վարուժան Լափոյեանին՝ որպէս Օնթարիոյի պատուակալ հիւպատոս նշանակումին:

Նշենք, որ Պրն. Լափոյեանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» է եւ ՀՕՄ-ի Երկրրդական Վարժարանի բարերար է, եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութիս ծառայական կեանքին մէջ:

Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներէն՝ Տիար Յակոբ Ճամպազեանի ու Տիկին Օսիկ Մխսիարթինեանի:

Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս ու նման նախաձեռնութիւններու մասին, որոնք ոչ միայն կը նպաստեն Հայրենիքի հետ կապերու պահպանման, այլեւ առիթ են մասնակցելու Հայաստանի բարգաւաճման ի խնդիր ծրագիրներուն, ապա, շնորհաւորեց Պատւոյ Հիւպատոսին նոր պաշտօնը, մաղթելով յաջող ծառայութիւն, թէ՛ Հայ ազգին, թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ Գանատայի հայ գաղութին:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us