ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ Ս. ԳԷՈՐԳ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

 
Հովանաւորութամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին, Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ամավերջի հանդէսը: Ներկայ էին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գէատայեանը, Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Հանդէսը յագեցած էր կրօնական ու աստուածաշնչային բազմաբնոյթ յայտագիրով:
Հուսկ բանքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը, որ գնահատելէ ետք կիրակնօրեայ վարժարանի անձնուէր տեսուչն ու ուսուցիչները, կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները վստահին կիրակնօրեայ վարժարանին, ուր անոնք պիտի ստանան Աստուծոյ գիտութիւնը, ամուր հաւատքն ու ազգային տոկուն դիմագիծը։
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 


If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us