Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակին առիթով, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ծաղկեպսակներ զետեղեց Ազգային Առաջնորդարանի, Մոնթրէալի ու Լաւալի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններուն դիմաց, իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր Սրբացեալ Նահատակներուն ու բարեխօսական աղօթքներով՝ վերանորոգեց անսակարկելի մեր իրաւունքներուն պահանջատէրի կեցուածքն ու յանձնառութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանը, Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեանն ու Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ ատեապետ Տիար Համբիկ Գարայեանն ու Տիկին Աննա Պուլկարեանը:
Ազգային Առաջնորդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքարին դիմաց տեղի ունեցած յարգանքի տուրքի մատուցման ներկայ էր նաեւ յուշարձան-խաչքարի բարերարուհին Տիկին Սեդա Թապաքեանը, ի յիշատակ իր ամունոյն ողբացեալ Սարգիս Թապաքեանի:
Նշենք նաեւ, որ յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ պիտի ըլլայ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի Ոգեկոչման հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Լաւալի Յուշարձանին դիմաց: