17 Oct Youth Badarak
Պատանեկան եւ Երիտասարդական Պատարագներ
Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս
Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, տեղի պիտի ունենայ պատանիներու եւ երիտսարդներու յատուկ պատարագ։
Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ Գէյմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն ու քարոզիչն էր տեղւոյն Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուած են համայնքի պատանինրն ու երիտասարդ-ները։
Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2016-ին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց՝ Թեմակալ Առաջնորդը եւ այդ առիթով իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ թարգմանիչ վարդապետներու թողած կտակին, այսինքն հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու գոյատեւման համար պայքարելու ամենահզօր զէնքը տուին, մեզ ուրիշներէն զանազանելու որպէս ազգ յաւերժօրէն ապրելու։ Սրբազանը յատկապէս խօսեցաւ հայ ինքնութեան ազդակներուն մասին եւ շեշտեց, որ ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, լեզուն եւ մշակոյթը մեր ինքնութեան պահպանման երաշխիքներն են։
Յաջորդաբար, պատանեկան եւ երիտսարդական պատարագներ տեղի պիտի ունենան նաեւ՝ 22 Հոկտեմբերին Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ 28 Հոկտեմբերին Թորոնթոյին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։