Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Նախագահեց
Պատանեկան եւ Երիտասարդական Պատարագը՝
Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, տեղի ունեցան պատանիներու եւ երիտսարդներու յատուկ պատարագներ Գէմպրիճի եւ Մոնթրէալի մէջ։

Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն ու քարոզիչն էր Անթիլիասէն ժամանած Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցան համայնքի պատանինրն ու երիտասարդ-ները եւ յատկապէս Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտները։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց՝ Թեմակալ Առաջնորդը եւ այդ առիթով իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ թարգմանիչ վարդապետներու թողած կտակին, այսինքն հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու գոյատեւման համար պայքարելու ամենահզօր զէնքը տուին, մեզ ուրիշներէն զանազանելու որպէս ազգ յաւերժօրէն ապրելու։ Սրբազանը յատկապէս խօսեցաւ հայ ինքնութեան ազդակներուն մասին եւ շեշտեց, որ ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, լեզուն եւ մշակոյթը մեր ինքնութեան պահպանման երաշխիքներն են։