ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Սեմինարը տեղի ունեցաւ, Շաբաթ, Օգոստոս 30-ի առաւօտեան ժամը 9:30-15:30, Առաջնորդարանէն ներս։ Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Ազգային Վարչութեան Ատենադպիր պրն. Յակոբ Պուլկարեան, որմէ ետք սեմինարը սկսաւ տոքթ. Կարինէ Փափազեան-Զոհրապեանի դասախօսութեամբ, որուն նիւթն էր «Ի՞նչպէս զարգացնել հայկական դպրոց չյաճախող մանուկներուն ինքնութիւնը եւ խթանել զանոնք հայերէն սորվելու»: Տոքթ. Զոհրապեան հոգեբան եւ հոգեդարմանող է, անդամ Ordre de Psychologues du Quebec-ի եւ դասախօս Մոնթրէալի Համալսարանի հոգեմանկավարժական բաջանմունքէն ներս։

Սոյն Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գոծող կրթական հաստատութիւններու հայ դաստիարակները եւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի կարգ մը խմբապետներ։ Նշենք, թէ նոյնանման սեմինար մը պիտի կրկնուի Նոյեմբեր 8-ին, Օնթարիոյ շրջանին համար։


