ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ
ՊԱՏՈՒԵՑ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ կազմակերպու-թեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ու Կանանց Խորհուրդին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցան «Հայ Ուսուցիչներու Գնահատման» երեկոյ՝ Ազգային Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս:
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2013-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր յորդորներով, գնահատուեցան Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի եւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կրթական հաստատութիւններէն (Մանկամսուր, Ծաղկոց, Ամէնօրեայ, Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ) ներս գործող աւելի քան 50 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուսուցիչներուն յղած իր խօսքը փակեց բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի հետեւեալ տողերով.-
«Ով պիտի կրնայ գրել այդ տառերուն պատմութիւնը,
անոնք հրաշէկ գամերու պէս ցեղին գոյութիւնը հաստատեցին
մեր մագաղաթներուն յաւերժական հաստատութեանց վրայ…»