ARM_4946Սուրիահայութեան Նուիրուած Զօրակցահաւաք
Ի Նպաստ Բերիոյ Հայոց Թեմի
«Դպրոց Հիմնադրամ»ին

Ընդ բարձր հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Քէպէգի Սուրիահայութեան Օժանդակ Միացեալ Մարմնին, Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան Թատերասրահ»ին մէջ։

Երեկոյեան գլխաւոր բանախօսն էր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, որ իր վկայաբանութեամբ մանրամասնեց Սուրիոյ եւ Հայութեան իրավիճակը, միշտ յոյս ներշնչելով եւ ըսելով, որ «Աստուծոյ օրհնութեամբ Սուրիահայութիւնը պիտի ապրի եւ փորձէ ապրիլ պատերազմային այս թշուառին օրերուն։ Սրբազան Հայրը բացատրեց, թէ Սուրիոյ տագնապը մեզի հետ կապ ունի, սակայն մեր պատերազմը չէ եւ Հայու նկարագրին հակառակ ընթացք է։ Սակայն մենք որպէս գիտակից ժողովուրդ, յանձնառու ենք»։ Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ցարդ կատարուած բոլոր նուիրատուութիւններուն եւ փառք ու պատիւ տուաւ մեր ժողովուրդին։

Ձեռնարկի բացումը կատարեց Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետուհի՝ Տանիա Օհանեան եւ բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Կը հաւատանք որ Սուրիոյ աննուաճ Առաջնորդին ներկայութիւնը յոյս կը ներշնչէ մեզի, որ մեր դպրոցները պիտի մնան մեր կեանքի կեդրոնական սահմանին մէջ եւ անոր համար ալ այսօր, մենք բոլորս ո՛չ միայն բարոյապէս, այլ նիւթական օժանդակութեամբ զօրավիգ պիտի կանգնինք Բերիոյ Հայոց Թեմի «Դպրոց» Հիմնադրամին»։

Քէպէգի Սուրիահայութեան Օժանդակ Միացեալ Մարմնին անունով խօսք առաւ Ֆլորա Կիրակոսեան եւ ըսաւ. «Այսօր, անգամ մը եւս համախմբուած ենք մեր պատմութեան մէջ նոր բացուած էջերուն վշտալի եւ թախծոտ բովանդակութիւնները տեղեկանալու, 100 տարին տակաւին չանցած Հայ Ժողովուրդը անգամ մը եւս վնասներ կը կրէ, անգամ մը եւս կը հալածուի, կը գաղթէ եւ իր կալուածները կը կորսնցնէ։ Այս անգամ հայատրոփ Հալէպահայութիւնն է որ բնաջնջումի կ՚ենթարկուի»։

Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան՝ Ատենապետ Ազգային Վարչութեան, իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ. «Կը գիտակցինք, որ այս զօրահաւաքը միայն լսելու համար չէ՝ այլեւ գործօն եւ հնչիւն մասնակցութիւն բերելու եւ օժանդակութեան ձեռք երկարելու մեր արիւնակիցներուն, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ կը շարունակեն ապրիլ եւ պայքարիլ, վառ պահելու համար Մեծն Համայնքի՝ կրօնական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնները՝ եւ կառոյցներու ու Համայնքի բաղկացուցիչ անդամներու Ֆիզիկական ապահովութիւնը: Ապահով կրնաք ըլլալ Սրբազա՛ն Հայր, որ աշխարհացրիւ մեր ազգի զաւակները, նաեւ Գանատայի ազգայինները՝ ամէն ձեւով եւ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ, զօրավիգ պիտի կանգնին Ձեր առաքելութիւնը արդիւնաւորելու եւ յաջողութեամբ պսակելու զայն»:

Ձեռնարկին արուեստի ներկայացումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի աշակերտներէն՝ Թալիա Ճապրայեանը (Ասմունք), Առնօ եւ Արամ Շուժունեանները (Ջութակ) եւ Ստեփան Պալապանեանը (Դաշնամուր), որոնք իրենց ելոյթներուն համար մեծապէս գնահատուեցան Թեմակալ Առաջնորդին կողմէ։

Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան, որպէս Բերիոյ Թեմի նախկին Առաջնորդ իր սրտի խօսքը փոխանցեց, անդրադառնալով Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի մշակութային եւ շինարարական վերելքին ու յաջողութիւններուն։

Գանատայի Հայոց Թեմի Տեղեկատուական Աշխատակազմին կողմէ ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ եւ նկարահանող Սերժ Եսայեանի «ԱՆՑԵԱԼԻ ՅՈՒՇԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՅՈՒՍԱԼԻՑ ԽՕՍՔԸ» տեսաերիզը, որ պատրաստուած էր յատկապէս սոյն ձեռնարկին համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր փակման եւ օրհնութեան խօսքին մէջ ըսաւ. «Վերջին տարիներուն Շահան Արքեպիսկոպոս “ընդ հուր եւ ընդ սուր” ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն տէրն է՝ անոնց հետ բաժնելով ամէն ցաւ, տառապանք եւ դժուարութիւն։ Շահան Սրբազան ո՛չ միայն Աստուծոյ հաւատարիմ զաւակն է՝ որպէս Հովիւ Բանաւոր Հօտին՝ այլ նաեւ Աստուծոյ ներկայութիւնն է՝ զարնուած եւ զրկուած իր ժողովուրդին հաւատք ներշնչելու, յոյսի դռներ բանալու եւ որպէս քաջ հովիւ տէր կանգնելու իր խնամքին յանձնուած Աստուծոյ զաւակներուն»։

Ձեռնարկը փակուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ Կիլիկիա օրհներգով։
ARM_4892 ARM_4936