20 Jan «ՇՈՂԱՆ» ԾՐԱԳԻՐ, ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
301 թուականին քրիստոնէութիւնը հայաստանի պետական կրօն հռչակուելէն ետք, Հայաստանը աշխարհին ծանօթ դարձաւ, որպէս համաշխարհային մշակոյթի զարգացման կարեւորագոյն օրրաններէն մէկը:
Հայկական մշակոյթը շարունակեց զարգանալ Հայ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքոյ: Հայ քարագործ վարպետներ կառուցեցին սքանչելի վանքեր, որոնք դարեր շարունակ կանգուն մնացած են ու պահպանուած առ այսօր։
5րդ դարուն՝ հայոց այբուբենի ստեղծումէն ետք, սկսաւ հայկական մշակոյթի ծաղկման դարաշրջանը: Հայաստանի մէջ ծնաւ ձեռագիր մատեաններու էջերը նկարազարդելու արուեստը` մանրանկարչութիւնը, որուն այսօր կարելի է ծանօթանալ՝ աշխարհի մէջ հին ձեռագրերու խոշորագոյն պահոցներէն մէկուն՝ Երեւանի Մատենադարանի մէջ:
Մատենադարանը այն վայրն է, ուր կը պահեն ձեռագիր մատեանները, այսինքն՝ հին ժամանակներուն գրուած ձեռագիր արժէքաւոր գիրքերը։
Մատենադարանի շէնքը կառուցուած է 1975 թուականին։
Այնտեղ հաւաքուած են բոլոր ձեռագիրները, որոնք կը պահուին յատուկ պայմաններու մէջ։ Շէնքը կառուցելէն մի քանի տարի անց, Մատենադարանը կոչուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անունով։
Այնտեղ կը պահուին 23,000 ձեռագրեր, 300,000 արխիւային փաստաթուղթեր եւ այլ նիւթեր։
Ամենահին ձեռագիր գիրքն է՝ 7-րդ դարուն ընդօրինակուած
«Վեհամօր Աւետարան»-ը։
Հայերէն ամենամեծ ձեռագիր մատեանն է «Մշոյ ճառընտիրը», որ կը կշռէ 28 քիլօկրամ, իսկ ամենափոքր ձեռագիրը «Տօնացոյց»-ն է, որ կը կշռէ 19 կրամ։
Մեծ գիրքը կը կոչուի նաեւ հսկան իսկ փոքրը թզուկը։
Քրիստոնեայ Հայաստանի մշակութային գլուխ գործոցներէն է նաեւ խաչքարի արուեստը։ Խաչը որպէս խորհրդանիշ հայերու մօտ յառաջացած է 4-րդ դարուն։
Խաչքարերը ուղղանկիւն կոթողներ են, որոնք կը տեղադրուին եկեղեցիներու բակերուն մէջ ՝ ի յիշատակ քրիստոնէութեան ընդունման, ազգային տօներուն կամ նահատակներուն:
Խաչքարերը չեն կրկնուիր: Հայերը ժամանակի ընթացքին քանդակած ու կանգնեցուցած են մօտ 50,000 իրարմէ տարբեր խաչքարեր։
Աշխարհի մէջ խաչքարերու ամենամեծ հաւաքածոն կը համարուի Գեղարգունիքի մարզի Նորատուսի գերեզմանատունը։
2010ին հայկական խաչքարի արուեստը, խորհուրդը եւ խաչքարագործութիւնը արձանագրուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Դիտել այստեղ