Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի խնդրանքին, այսու տնօրինած է, որ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան միանայ Թեմիս հոգեւորականաց դասին եւ ստանձնէ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոէնական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչի պաշտօնը եւ մօտիկ ապագային շարունակէ իր համալսարանական ուսումը:
Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան, Ծնեալ՝ 11 Յուլիս 1998-ին, Պէյրութ, Լիբանան, (աւազանի անուն՝ Շահէ) յաճախած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը (Պուրճ Համուտ, Լիբանան):
Դպրեվանքի իր ուսումնական կեանքը սկսած է 2011 թուականին։ Սարակաւագական Ձեռնադրութիւն ստացած է՝ 29 Մայիս 2016-ին, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, իսկ Քահանայական Ձեռնադրութիւն եւ Օծում՝ 16 Յունիս 2019-ին, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի։
21 Յունիս 2019-ին ան նշանակուած է Դպրեվանքի Հսկիչ, իսկ 2020-ի Հոկտեմբերին նշանակուած է Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչի օգնական։
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին կը մաղթենք բարի գալուստ եւ արդիւնաւոր ծառայութիւն եւ արդիւնալից տարիներ: