Թեմիս հոգեւորականաց դասի անդամները մեր եկեղեցիներու առաջնակարգ դիմագիծներն են եւ հաւատացեալ ժողովուրդը իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն համար կը դիմէ անոնց, ստանալու համար հոգեւոր եւ հոգեկան լուծումներ:

Այս հանգամանքէն մեկնելով, տնօրինութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներուն, Չորեքշաբթի, 9 Փետրուար 2022-ին տեղի ունեցաւ եռամսեայ առցանց լսարանը՝ «Գաղութի Հոգեկան Կարիքները եւ Լուծումներ» թեմայով աշխատանոցը:      

Սոյնպիսի սեմինարներ տեղի ունեցան նաեւ՝ 23 Փետրուար 2021-ին, 4 Մայիս 2021, 4 Օգոստոս 2021 եւ 3 Նոյեմբեր 2021-ին, նպատակ ունենալով՝ մեր Հոգեւոր Հովիւներուն առիթ ընծայել խօսելու հովուական կեանքին մէջ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին եւ Հոգեբանական համապատասխան լուծումներ ստանալ։  

Լսարանները վարեց ու իր մասնագիտական մօտեցումներով լուծումներ առաջարկեց  Հոգեբան Տիկին Նորա Շիթիլեան՝ մասնագէտ ընտանեկան հարցերու: Նշենք, որ Տիկին Շիթիլեան կը բնակի Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա, եւ կը համագործակցի Ազգային Առաջնորդարանիս հետ եւ ընդմիշտ կապի մէջ է Թեմիս Հոգեւոր Հովիւներու հետ ու պատրաստ լսելու եւ ուղղութիւններ տալու անոնց դիմակալած հարցերուն, որպէսզի, անոնք եւս իրենց կարգին, մասնագիտական լուծումներ կարենան առաջարկել համայնքի այն զաւակներուն, որոնք կը դիմեն օգնութեան։