2-5 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ս. Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին, Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմերու (Արեւելեան, Արեւմտեան ու Գանատա) հոգեւորականաց դասերու միջ-թեմական միացեալ 8-րդ համագումարը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի մէջ, հիւրընկալութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին։
Համագումարը կը վայելէր նախագահութիւնը երեք թեմերու Առաջնորդներուն՝ Գերաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի (Արեւելեան Թեմ), Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի (Արեւմտեան Թեմ) եւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի (Գանատայի Թեմ)։
Այս տարուան համագումարը նուիրուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած «Վերանորոգումի Տարի»ին։
Համագումարը առիթ մը եղաւ, որ երեք թեմերու Հոգեւոր Հայրերը խորհրդածութիւններու, դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու ընդմէջէն, վերանորոգման թեման զանազան տեսանկիւններէ դիտեն, մարտահրաւէր-ները Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ դիմագրաւեն ու իրենց ուսերուն վրայ դրուած Քրիստոսի քաղցր լուծը սիրով եւ հաւատարմութեամբ կրեն։
Թող Աստուած հաստատ պահէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռը իր Թեմերով, ժողովականութեամբ եւ ողջ ժողովուրդով։
ԴԻՒԱՆ
Միջ-թեմական Միացեալ 8-րդ Համագումարի
Հոկտեմբեր 2017