Կիրակի, 20 Յունիս 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եղաւ Վանգուվըրի հայ համայնքին հետ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց։
Առաջնորդ Սրբազանը անդարդարձաւ Հայրերու Տօնին եւ ի սրտէ շնորհաւորեց բոլոր հայրերը մաղթելով անոնց առողջ եւ երկար կեանք եւ հաւատարմութիւն իրենց ընտանիքին նկատմամբ։ Սրբազանը նաեւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ դժուար ժամանակահատուածէ մը անցանք ու տակաւին կը շարունակենք անցնիլ համաճարակի ստեղծած պայմաններուն բերումով, ինչպէս նաեւ Արցախի պարտադրուած պատերազմի հետեւանքով։ Թելադրեց, որ չյուսահատինք, չ՚ընկրկինք, այլ վերագտնենք մենք մեզ որպէս անհատ, ընտանիք, համայնք եւ հայրենիք, միասնական ճիգերով, համերաշխ ոգիով շարունակելու մեր աշխատանքը առաւել աշխոյժ, առաւել կազմակերպ, յանուն մեր գաղութներու հզօրացման, յանուն մեր հայրենիքի ու պետականութեան ամրացման, յանուն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց եկեղեցւոյ նորընտիր հոգաբարձութեան անդամները, եւ անոնց թելադրեց հաւատարմօրէն ու անշահախնդիր կերպով ծառայել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պայծառացման եւ անոր շուրջ համախմբուող հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներու գոհացման։ Ապա, օծումը կատարեց Տէրունական պատկերի մը, զորս գծած եւ եկեղեցւոյ նուիրած էին արուսետագէտներ՝ Տէր եւ Տիկին Համլէթ եւ Արեգա Յովակիմեան։
Նշենք նաեւ, որ Բաբգէն Արք․ Չարեան, Ուրբաթ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւին, նորընտիր հոգաբարձուներուն եւ ազգային երեսփոխաններուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ, ազգային վարչութեան անդամ՝ Տիար Յակոբ Տէր Յակոբեան: