Prelate’s Message to Students

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Սիրելի աշակերտ եւ աշակերտուհիներ,
Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ ջերմ սիրով կ՚ողջունեմ ձեզ 2024-2025 տարեշրջանի դպրոցական
վերամուտին առիթով։
Վերամուտ…։
Տօնական եւ խանդավառութեան ալիքներ կը բարձրանան մեր շուրջ, ըլլանք աշակերտ թէ՛ ուսուցիչ,
տնօրէն կամ պատասխանատու, ծնողք կամ բարերար։
Դարձեալ նոր սկիզբ… նոր տարեշրջան։
Աշխատանք, դաս, զբօսանք, տօնական ոգեկոչումներ, մարզանք, խաղ, մէկ խօսքով իրարու հետ ըլլալու
ուրախութիւն, եւ ժամանակը միասին արժեւորելու բախտաւորութիւն մեր հարազատ տան մէջ՝ Հայ դպրոցին
մէջ։
Հայ Դպրոցը հարազատ տունն է բոլորիս։
Առողջ եւ ապահով միջավայրն է իւրաքանչիւր հայ աշակերտի։ Միջավայր մը որ մեզ հաղորդ կը դարձնէ
մեր ազգի սքանչելի գանձերուն՝ հայոց լեզուին ու պատմութեան։ Եղէք իսկական աշակերտներ,
աշխատասէր, հնազանդ ու կարգապահ։ Այո՛ Հայ Դպրոցը մեր բոլորին տունն է, ուրախութեամբ մտնենք
ներս եւ սիրով աշխատինք իրարու հետ։
Սրտանց կը շնորհաւորեմ նոր տարեմուտը բոլորիդ, ամէնօրեայ դպրոցներու՝ մանկամսուրէն մինչեւ
երկրորդականի աշակերտ-աշակերտուհիներ, կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտ-
աշակերտուհիներ եւ համալսարաններու ուսանող-ուսանողուհիներ ։
Այս առիթով կը շնորհաւորեմ նաեւ դպրոցներու կրթական պատասխանատու մարմինները, տնօրէնները,
ուսուցչական կազմերը, ծնողական խորհուրդները, բարերարները եւ բոլոր անոնց, որոնք անվերապահօրէն
կը զօրակցին, որպէսզի հայ դպրոցը իր սրբազան առաքելութիւնը շարունակէ։
Օրհնաբեր տարի մը կը մաղթեմ ձեր բոլորին։
Ձեզ սիրող եւ Ձեզի համար միշտ աղօթող՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us