ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ


 «Նորոգեցարուք նորոգութեամբ կենացս յարութեամբն Քրիստոսի Նոր ժողովուրդ»։

(Շարական)

 

Այս տողերով, շարականագիր վարդապետը կը հրաւիրէ մեզի, փառաւորելու Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնը։ Բայց մանաւանդ կը յորդորէ մեզի, նորոգուելու Քրիստոսի Յարութեան կեանքով, որպէս՝Քրիստոսի Նոր Ժողովուրդ։

Մարդկութիւնը Նոր Կեանք սկսաւ Յիսուս Քրիստոսով.  լսենք Անոր ջինջ ձայնը, որ դարերու խորքերէն յաղթական կը հնչէ. «ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ»։

Քրիստոս որպէս յաւիտենական կեանք, որպէս մշտնջենական լոյս,  աշխարհ եկաւ հոգիով, սրտով ու մտքով վերանորոգուած նոր մարդկութիւն մը ստեղծելու առաքելութեամբ, որպէսզի մարդիկ խաւարի մէջ չկորսուին, այլ՝ ըլլան լոյսի որդիներ եւ արժանի ըլլան ժառանգելու յաւիտենական կեանքը։ Սակայն տարօրինակ կերպով մարդիկ խաւարը աւելի սիրեցին, երես դարձուցին Լոյսին, չհաւատացին Անոր եւ ուզեցին այդ Լոյսը մարել, գերեզմանել։

Տակաւին երէկ էր, երբ Քրիստոս յաղթական մուտք գործեց Երուսաղէմ, Իր Աստուածային փառքով ու տեսիլքով յայտնուեցաւ մարդկութեան։ Մարդիկ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ ու մանաւանդ «Ովսաննաներու» բարձրաձայն աղաղակներով դիմաւորեցին Իր յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ «Օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով» ըսին։ Սակայն նոյն այդ մարդիկը քիչ ետք ապերախտօրէն «խաչ հանէ անոր» պոռացին, արհամարհեցին, չարչարեցին, դատապարտեցին ու խաչեցին։

Ահա թէ ինչո՞ւ Աստուած  Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց։ Ահա թէ ինչո՞ւ Աստուած իր բարձունքէն խոնարհեցաւ եւ իր Միածին Որդիին միջոցով մարդեղացաւ՝ մարդը փրկութեան առաջնորդելու համար։ Սակայն այս բոլորին դիմաց մարդը մեղքի տիղմին մէջ ընկղմած մնաց, մերժելով մերժեց լոյսը, երես դարձուց Աստուծոյ ու մնաց անառակութեան ու անօրէնութեան խաւարի անդունդին մէջ մոլորուած։

Աստուածորդին իր սրբազան տնօրինական առաքելութեան ընթացքին իր կենդանի խօսքով քարոզեց ու Աստուծոյ կամքը յայտնեց։ Ան յայտնաբերեց Աստուծոյ սէրը դէպի իր ստեղծած արարածները։ Ան դարձաւ երկնաւոր Հօր անհուն սիրոյ արտայատիչն ու մեկնաբանը։ Ան հաշմանդամներուն քալելու կարողութիւն տուաւ, կոյրերուն աչքերը բացաւ, հիւանդներուն առողջացուց,  Նայինի պատանիին, հարիւրապետի աղջկան եւ Իր սիրելի բարեկամին՝ Ղազարոսին, որոնց յարութիւն տուաւ, վերստին կեանք պարգեւեց։ Ան վճռակամօրէն հաստատեց ըսելով. ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ…։

Ահա թէ ինչո՞ւ դժուար առաքելութիւն մըն էր մարդուն վերականգնումը, մարդուն վերանորոգումը, մէկ խօսքով մարդուն փրկութիւնը։

Ահա թէ ինչո՞ւ մարդեղացեալ Աստուծոյ կեանքը տառապանքով լեցուեցաւ ու խաչի ճամբով ընթացաւ։ Խաչի ճանապարհը ուրիշ բան չեղաւ, եթէ ոչ խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք առաջնորդող միակ ճանապարհը։ Այդ ճամբով մահը խորտակուեցաւ, դժոխքը քանդուեցաւ ու մահուան երկիւղը փարատուեցաւ։ Մարդը ազատագրուեցաւ հոգիի գերութենէն, սատանային ծառայութենէն, մէկ խօսքով մարդը անդրադարձաւ ու հասկցաւ որ գեղեցիկն ու բարին, ազնիւն ու արին, պիտի ապրին յաւիտենապէս։ Մահուան երկիւղը ապրող մարդկութեան առջեւ  բացուեցաւ կեանքի անմահութեան ճանապարհը։

Ճանապարհ մը՝ որ Յարութեամբ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ կը պարգեւէ։

Ահա՛ պատգամը Մեծագոյն Հրաշքին՝ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ։

Գարուն է ու Նոր կեանք կը բուրէ ամէնուրեք։

Բուրումնաւէտ ու ծաղկազարդեալ կեանք կը բուրէ ամէնուրեք։

Անցնող Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը հոգեւոր ճանապարհորդութիւն մը դարձաւ բոլորիս համար։ Հաւաքաբար մեր աղօթքները լսելի դարձուցինք առ Աստուած՝ մեր մեղքերը քաւելու, ուղղելու մեր քայլերը, ողորմութեամբ ու գթութեամբ նայելու եւ չարէն պաշտպանուելու։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր վրայէն փորձեց թօթափել մեղքի ծանրութիւնը՝ խոստովանութեամբ, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ։  

Միասնաբար դիմաւորեցինք ԱՒԱԳ Շաբաթը՝ Սուրբ ՇԱԲԱԹԸ։ Հաղորդ դարձանք Յիսուսի կեանքի վերջին պատգամներուն, Անոր հաստատած Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին եւ ապա՝ Իր մատնութեան, ձերբակալութեան, չարչարանքներուն, խաչելութեան ու թաղման։

Այո՛, Բարութեան ու Լոյսի քարոզիչը, փշէ պսակը գլխուն, խաչը ուսին, ապտակներու, ծաղրանքի ու սպառնալիքի տակ կքած Գողգոթա բարձրացաւ եւ Իր աստուածային արեամբ սրբագործեց մահուան ու չարչարանքի անարգ գործիքը՝ խաչը։ Խաչին վրայ ըմպեց մեղաւոր աշխարհի դառն քացախը եւ Իր յարութեամբ մեզի նոր կեանք պարգեւեց՝ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԸ։

Յաղթանակով սկսաւ ու յաղթանակով աւարտեց Իր երկրաւոր կեանքը։

*   *   *

Թանկագին հարազատներ,

Այսօր, եկէք պատրաստ ըլլանք յարութեան շունչը ներթափանցելու մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։ Մեր մտքերէն սրբենք չար մտածումները, մենք զմեզ ազատագրենք ապականող մեղքերէն, վերանորոգուինք յարութեան նոր շունչով եւ ազգովին քալենք դէպի Աղբիւրը Լոյսին։

Պատրաստ ըլլանք յառնելու Քրիստոսի հետ, այսինքն նորոգուելու Քրիստոսի ԱՆՄԱՀԱԿԱՆ ՆՈՐ  ԿԵԱՆՔՈՎ։

Թող Յարութեան տօնը վերանորոգէ մեր կենդանի հաւատքը եւ Նոր ու անմահական կեանք պարգեւէ բոլորիս։

Կ’աղօթենք, որ տօնական այս օրերուն Յարուցեալ Փրկիչը ամրացնէ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը, հզօրացնէ մեր հայրենիքը՝ առաջնորդելով զայն դէպի խաղաղ եւ բարգաւաճ կեանք։

 Փա՜ռք Հրաշափառ Յարութեանդ Քո, Տէ՜ր…։

 Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
 Օրհնութեամբ եւ Սիրոյ ջերմ  ողջունիւ՝

 ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

 Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի
 Ս. Զատիկ
 2021