IMG_2923

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը՝
Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանէն ներս

 

Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգեւորականաց Դասուն եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետին, այցելեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանը, ուր աղ ու հացի օրհնութեամբ դիմաւորուեցաւ Տնօրէնուհիին եւ աշակերտութեան կողմէ։

Բացման խօսքը փոխանցեց Վարժարանի Ընդհանուր Տնօրէնուհի՝ Տիկին Լենա Գատեան եւ հրաւիրեց Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանը՝ Հոգեւոր Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, որ ան իր կարգին ներկայացուց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան ըսաւ. «աղօթեցէք ձեր դասընկեր-դասընկերուհիներուն համար, որպէսզի անոնք ալ կարենան ձեզի նման դպրոց յաճախել եւ մենք ալ կարենանք Ազգային Վարժարանները բաց պահել Հալէպի տարածքին»։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանը, որ հորդորեց աշակերտները, ըսելով. «Մասնակից դարձէք սուրիահաոյութեան Դպրոց Ֆոնտին։ Ձեր յառաջիկայ շաբթուան ծախսելիք գումարը յատկացուցէք ձեր տարեկից եղաբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք կը դիմագրաւեն ծանր պահեր սուրիոյ տագնապալից այս պատերազմեան օրերուն»։

IMG_2982 IMG_2966 IMG_2965 IMG_2955 IMG_2954