
Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր, 2014-ի երեկոյեան, գլխաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու ներկայացուցիչներուն, ացելեցին Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Աբքար Վրդ. Հովաքիմեանը։ Շքախումբին մաս կը կազմէր՝ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգայինի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւններու ներկայացուցիչները։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Առաջնորդը իր ընտրութեան առթիւ եւ ցուցաբերեց իր նեցուկն ու համագործակցութիւնը, մաղթելով Հայր Սուրբին բեղուն գործունէութիւն եւ առաջնորդութիւն։



