Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը հանդիպի
Ազգային Բարերար Պրն. Վարդգէս Սարաֆեանին հետ

DSC_0863 DSC_0860Հինգշաբթի, 10 Յուլիս 2014-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան, այցելեց՝ Ազգային Բարերար եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկեան Իշխան, պրն. Վարդգէս Սարաֆեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Կիլիկեան Իշխան պրն. Սարաֆեանը, մտերմիկ եւ շինիչ հանդիպում մը ունեցան, ուր Սրբազան Հայրը յայտնեց իր բարյացապարտութիւնն ու գոհութիւնը, տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեաններու տարիներու բարերարութեանց համար եւ գնահատեց պրն. Սարաֆեանը՝ որ մինչեւ օրս թիկունք կը կանգնի մեր ազգային կարիքներուն եւ մտահոգուած է գաղութին հետ ու գաղութին համար։