Բաբգէն Արքեպիսկոպոս
Ս. Ծնունդը դիմաւորեց Թորոնթոյի Համայնքին հետ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Ս. Ծննդեան տօնը՝ Աստուածայայտնութեան տօննէ։ Տօնը՝ Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպման։ Տօնը՝ վերականգման եւ վերանորոգման»։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր մաղթանքներուն ընդմէջէն յայտնեց՝ «Աստուածորդիին ծնունդը Ս. Կոյսէն, իւրաքանչիւր հայու համար թող ըլլայ ճշմարտութեան եւ յաւերժութեան ճանապարհ»։
Շնորհաբեր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ։










