Բաբգէն Արքեպիսկոպոս այցելեց Հարաւային Օնթարիոյ Եկեղեցիները

Ուրբաթ, 11 Օգոստոս 2017-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան, այցելեցին Սէյնթ Գաթրինզի Ս. Պօղոս եկեղեցին, ուր հանդիպում մե կայացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Վարչութեան, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Ազգային Երեսփոխաններուն միջեւ։

Նոյն երեկոյեան, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Գէմպրիճի մէջ, տեղւոյն Ս. Նշան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ Ազգային Երեսփոխաններուն հետ։

Զոյգ հանդիպումները կը միտէին անդրադառնալ եկեղեցիներու գործունէութեան բարօր ընթացքին եւ յառաջիկայ ծրագիրներու իրականցման մասին։