ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ,
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ
ՄԻՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Վարչութեան, Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2013-ին, Քինկսթընի մէջ գումարուեցաւ միօրեայ խորհրդաժողովը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, Գանատայի Հայոց Թեմի Հոգեւոր Հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց, Երեսփոխաններուն եւ Ազգային Պատգամաւորներուն:

Այս տարուան խորհրդաժողովի օրակարգին մաս կը կազմէր յատուկ զեկոյց մը «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողով»ին մասին, որ ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքերէն ետք, ժողովականները սպառիչ կերպով հարցադրեցին իրենց մտահոգութիւններն ու մտածումները, որոնց պատասխանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Սեպտեմբերին իր մասնակցութիւնը բերած էր սոյն ժողովին, որ կայացաւ Էջմիածնի մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վեհափառ Հայրապետներուն:

Խաժակ Արքեպիսկոպոս, այլ եկեղեցականներու հետ, Սեպտեմբերին այցելած էր նաեւ Հայաստանի հիւսիսային շրջանի Տաւուշի մարզի Բերդ գիւղը, ուր դիմաւորուած էր տեղւոյն քաղաքապետին եւ Տ. Արամ Քահանայ Միրզոյեանին կողմէ: Այցելութեան հիմնական նպատակը՝ տեղի բնակչութեան խնդիրներուն, առօրեային ու դժուարութիւններուն ծանօթանալն էր եւ աննախադէպ այցով զիրենք գօտեպնդելն ու ոգեւորելն էր։ Մեկնած այս մտահութիւններէն, խորհրդաժողովի օրակարգի երկրորդ նիւթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներայացուց «Քոյր Վարժարաններ՝ Հայաստան եւ Գանատա» ծրագրի նախագիծ մը, օժանդակելու Հայաստանի սահմանամերց այս գիւղի  բնակչութեան:
Օրուան կեդրոնական նիւթն էր՝ «Հայեցի Դաստիարակութիւնը եւ Մեր Կառոյցներուն Առաքելութիւնը» եւ զեկուցաբերն էր՝ Պրն. Վիգէն Թիւֆէնքճեանը, անդամ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, նախկին տնօրէն եւ վաստակաւոր ուսուցիչ ու դաստիարակ Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի: Շահեկան եւ դաստիարակիչ այս նիւթէն ետք, Ազգային Վարչութեան գործունէութեան ներկայացումը կատարեց ՝  Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, ատենապետ Ազգային Վարչութեան, որուն յաջորդեց տնտեսական նոր ծրագրի մը ներկայացումը՝ Ազգային Վարչութեան անդամ տիկին Ծովիկ Թերզեանի կողմէ:

Խորհրդաժողովի վերջին օրակարգն էր՝ զեկոյց Թեմիս եկեղեցիներէն ու անոնց իրավիճակի եւ ծրագիրներուն մասին, որ ներկայացուցին Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները:

Խորհրդաժողովը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պահպանիչով: