19-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
Կիրակի, 29 Յունիս 2014-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, «Մաղթանք Հայրապետական» կատարուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով:
Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մաղթողական արարողութեան նախագահեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան, եւ ապա փոխանցեց իր պատգամը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ անդրադարձաւ մաղթանքին բովանդակութեան, եւ աղերսեց որ Աստուած անսասան պահէ Հայց. Եկեղեցին, Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը եւ անոր միաբանութիւնը: Գոհաբանութիւն վերառաքեց, որ Տէրը քաջառողջութիւն պարգեւէ Նորին Սրբութիւն Վեհափառ Հայրապետին՝ ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ, եւ ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան:
Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկով մը թարմացուց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճանապարհը, որ մեկնած էր Առաջին Լուսաւորիչներէն՝ Ս. Թադէոսէ եւ Ս. Բարթողիմէոսէ, վերամրացած Երկրորդ Լուսաւորչով՝ Ս. Գրիգոր Պարթեւ Հայրապետի ձեռամբ եւ հասած մինչեւ այս օրը: «Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին համար Ս. Էջմիածինը Հայոց Սրբութիւն սրբոցն է: Այս ոգիով դաստիարակուեցանք մենք», ըսաւ ան:
Իր պատգամը եզրակացնելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտարարեց. «Իրաւազրկուած այս Ս. Աթոռը, անոր միաբանութիւնը եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Դատին տէր են, ու իրենց նշանաբանն է. 1.- Ծառայել մեր ժողովուրդին: 2.- Ծառայել մեր ժողովուրդին: Եւ 3.- Ծառայել մեր ժողովուրդին»: