Ordination of 13 New Vartabeds in Antelias

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՏԱՍՆԵՐԵՔ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ
ՍՏԱՑԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՉՈՐՍ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ

9-1024x725ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Կիրակի, 12 Յուլիս 2015-ին, Ս. եւ Անմահ պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան տասներեք աբեղաներ՝ Հոգշ. Տ. Արտակ Աբղ. Արապեան, Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Հոգշ. Տ. Հրանդ Աբղ. Թահանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան, Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Աբղ. Սաղտճեան, Հոգշ. Տ. Տաճատ Աբղ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան, Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտմեան, Հոգշ. Տ. Սմբատ Աբղ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեան, ստացան Վարդապետական Մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները:

Պատարագի ընթացքին՝ Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ, ձեռնադրիչ Սրբազանը՝ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճարի ատեանը: Ձեռնադրիչ Սրբազանը նախ խարտաւիլակին՝ Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի միջնորդութեամբ կատարեց ընծայեալ աբեղաներուն հաւատքի քննութիւնը: Անոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածողները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն: Ապա, ձեռնադրիչ Սրբազանը շնորհեց Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած Վարդապետութեան Մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց Վարդապետական գաւազանը:

Քարոզի ընթացքին Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ վարդապետական աստիճանի պաշտօններուն եւ կարեւորութեան մեր եկեղեցիէն ներս: Ապա, իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն ըսաւ. «Այս ձեռնադրութեան հիմնական դրդապատճառը եւ գլխաւոր նպատակը Աստուծոյ խօսքին աներկիւղ քարոզութիւնն է, որ այսօրուան Աստուծոյ մարդէն՝ հոգեւորականէն պահանջուէլու պէս կ’ակնկալուի: Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը աներկիւղ քարոզիչներուն ակնկալիքը ունի, որովհետեւ այսօրուան աշխարհը դէպի կրօնական շփոթութիւն և ծայրայեղութիւն ու միւս կողմէն դէպի մշակոյթներու միաձուլումի գահավէժ ընթացող աշխարհ է եւ այս իրարանցումին մէջ բնականաբար քրիստոնեայ ժողովուրդները և քրիստոնէական եկեղեցին տագնապի կը մատնուի։ Հետեւաբար, ամէն բանէ առաջ քրիստոնէական եկեղեցին իր տագնապէն դուրս բերելու համար ճշմարիտ քարոզիչներու կարիքը ունի»։ Վերջապէս, Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան իրեն ընծայած այս առիթին համար եւ շնորհաւորեց Միաբանութիւնը:

Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի գրասինեակին մէջ ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ նոր ձեռնադրուած վարդապետները, Գրիգոր Սրբազանին եւ Սեփան Ծ. Վարդապետին գլխաւորութեամբ եւ իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:

Աւարտաճառերու Ներկայացում

Նշենք, օր մը առաջ՝ Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, աբեղաները ներկայացուցին իրենց աւարտաճառերը: Հանդիսութեան նախագահեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ներկայ էին Միաբան Հայրեր եւ Դպրեվանքի ուսանողները:

Արտակ Վարդապետի աւարտաճառի նիւթն էր՝ «Կիպրոսի Թեմի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Սարաճեանի գրած նամակները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Սահակ Բ. Խապայեանին 1920-1929», Վարդան Վարդապետին՝ «32 նամակներ, ուղարկուած Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Գաբրիէլ Արք. Ճէվահիրճեանէ, Մեսրոպ Եպս. Նարոյեանէ, Գէորգ Արք. Արսլանեանէ, Սմբատ Եպս. Քազազեանէ առ Տ.Տ. Սահակ Սրբազնագոյն Կաթողիկոս եւ Պատրիարք Ս. Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ, առ Տ.Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս եւ առ Տ. Սերովբէ Վրդ. Սամուէլեան՝ Ժամարար ի Ս. Ծնունդ Բեթլեհեմ 1909-1934», Հրանդ Վարդապետին՝ «Եղիշէ Եպս. Կարոյեանի նամակագրութիւնը Սահակ Բ. Կաթողիկոսին՝ արեւմտահայ գաղթականներուն ապաստան եւ նպաստ տալու, Ատանայի եկեղեցական գոյքերը ստանալու, եւ այլ խնդիրներու մասին 1921-1931», Շնորհք Վարդապետին՝ «Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդներ՝ Յարութիւն Քահանայ Եսայեանի եւ Ներսէս Քահանայ Թաւուգճեանի նամակները Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն 1915-1928», Պօղոս Վարդապետին՝ «Բերիոյ Թեմի Առաջնորդներու՝ Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեանի, Եփրեմ Ծ. Վրդ. Տոհմունիի, Արտաւազդ Ծ. Վրդ. Սիւրմէլեանի, Խադ Ծ. Վրդ. Աջապահեանի նամակները Սահակ Բ. Կաթողիկոսին 1923-1939», Պետրոս Վարդապետին՝ «Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէլեանի նամակները 1925, 1934-1937», Յովհաննէս Վարդապետին՝ «Սահակ Բ. Կաթողիկոսի եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Ծ. Վրդ. Սիւրմէլեանի նամակները 1925-1933, 1936-1938», Տաճատ Վարդապետին՝ «Բերիոյ Թեմի կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը 1923-1968 եւ Երուսաղէմի Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Նշանեանի եւ Ս. Աթոռի այլ միաբաններու նամակագրութիւնը Կաթողիկոսական Տեղապահ Եղիշէ Արք. Կարոյեանին 1921-1942», Նշան Վարդապետին՝ «Երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. Կաթողիկոս Կիւլեսէրեանի ուղղած նամակները Երանաշնորհ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանին 1931-1936», Պարոյր Վարդապետին՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն 1915, 1917-1922, 1925, 1928, 1929-1939, 1954-1955», Գարեգին Վարդապետին՝ «Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Զարեհ Եպս. Փայասլեանի ուղղած նամակները 1940-1956», Սմբատ Վարդապետին՝ «Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի, Եղիշէ Արք. Կարոյեանի, Խադ Արք. Աջապահեանի եւ Խորէն Եպս.ի նամակները Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեանին 1940-1956» եւ Զարեհ Վարդապետին՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քահանայական Ձեռնադրութեան Մաշտոցին մէջ յիշուած Ընդհանրական եւ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետներուն աստուածաբանական տեսութիւններու ուսումնասիրութիւնը»:

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ իր նկատողութիւններն ու թելադրութիւնները փոխանցեց, որպէսզի միաբաններ կատարելագործեն իրենց աշխատասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր ուսումնասիրութիւններու լծուին, յիշեցնելով՝ որ մտաւորական աշխատանքը անբաժան մասն է Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի առաքելութեան: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ աւարտաճառերու նիւթերուն, որոնք առաւելաբար արխիւային բնոյթ ունին եւ զանոնք որակեց որպէս պատմութեան հանք, որոնց ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ մեր Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ դերակատարութեան, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան դարձած մեր ժողովուրդի հոգեւոր ու կրթական կեանքի կազմաւորման եւ գաղթականութեան պատճառով նոր ստեղծուած գաղութներու ձեւաւորման:

63-1024x725 53-1024x725 14



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us