Առաջնորդական Պատգամ
Նոր Տարուան առիթով
ՈՒՐԱԽԱԼԻ ՊԱՏՄՈՒՃԱՆԸ
ԳՏՆԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔՈՎ
«Ահա՛, ես նո՛ր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի պատահի…
Ես անապատին մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ,
Եւ ամայութեան մէջ գետեր պիտի հոսեցնեմ»։
(Եսայի 43.18-19)
Աստուծոյ օրհնութեամբ, դարձեալ ականատես վկաներն ենք, 2016՝ Նոր Տարուան գալուստին ու վստահաբար նորը իր հետ պիտի բերէ նոր յոյսեր, յաջողութիւններ, սխրանքներ, յաղթանակներ ու բարիքներ։
Կասկած չկայ, որ ամէն տարի, առանց հինը մոռնալու՝ ետեւ ձգելու ճիգ մը կը թափենք, աւելի լաւին, աւելի գեղեցիկին եւ կատարեալին հասնելու փափաքով։
Անտարակոյս, կեանքի բոլոր ժխտական երեւոյթներէն ձերբազատուելու խոստումներով կը դիմենք մեր հարազատներուն, որոնց օրհնութեան կ՚արժանանանք՝ ներողամտութեամբ եւ սիրով։
Սակայն, գիտակից պէտք է ըլլանք նաեւ, տեսնելու կեանքին ճշմարտութիւններն ու «Բնական Օրէնքները», որոնք միշտ մեր ուզածին պէս չեն։ Անոնք երբեմն կը վիրաւորեն մեզ եւ երբեմն ալ կը ցաւցնեն։ Մատիտի պէս մէջտեղէն կը կտրեն եւ ծաղկամանի պէս փշուր-փշուր կը տարտղնեն։
Կեանքը այսպէս է։
Բայց կեանքը այսպէս չէ՛ եւ պիտի չըլլա՛յ բոլոր անոնց համար, որոնք Քրիստոնէական հաւատքով վահանաւորուած են։
Քրիստոնեայ մարդը կեանքը պէտք է ընդունի այնպէս՝ ինչպէս որ է։
Եթէ արեւին ջերմութեան եւ լոյսին կը հաւատանք, ուրեմն, պիտի հաւատանք նաեւ ա՛յն գիշերուան, որ պիտի յաջորդէ շողշողուն օրուան։
Եթէ երիտասարդական մեր ոյժին կը հաւատանք ու կրնանք մեր գօտիները մեր ձեռքերով կապել, պիտի հաւատանք նաեւ, որ ժամանակ մը ետք, ուրիշներ պիտի կապեն մեր գօտիները եւ պիտի տանին հոն՝ ուր չենք ուզեր երթալ (հմմտ Յհ 21.18)։
Եթէ ծնունդին կը հաւատանք, պէտք է հաւատանք նաեւ ի Տէր ննջման. ո՛չ մահուան, որուն կը հաւատան անհաւատները։
Նոր Տարուան ուրախ այս օրերուն, Աստուած մեզի կը յիշեցնէ հետեւեալ ճշմարտութիւնը.
«Ահա՛ ես նո՛ր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի պատահի…
Ես անապատին մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ,
Եւ ամայութեան մէջ գետեր պիտի հոսեցնեմ»։
Նոր Տարուան մասին, Նոր Տարուան մեզի բերած ուրախութեան, վաճառականական զարդերու, կերուխումներու, աւանդութիւններու, ճոխ սեղաններու եւ ընդհանրապէս ամէն բանի մասին, իւրաքանչիւր բանիմաց եւ ոեւէ անհատ, իր կարծիքն ու մտածումները արտայայտելու՝ ո՛չ միայն իրաւունքը ունի, այլ՝ պէ՛տք է իր ըսելիքը ունենայ։
Սակայն, որպէս Քրիստոնեաներ, մենք պէ՛տք է լսենք նաեւ, թէ Տէ՛րը ի՞նչ կ՚ըսէ մեզի՝ Նոր Տարուան այս երջանկաբեր օրերուն։
Դժբախտաբար, այնքան իրագործելի ծրագիրներ կան մեր կեանքին մէջ, այս պարագային Նոր Տարուան այս օրերուն, որ երբեմն կը մոռնանք մեր Տէրը։ Անոր՝ որ ամէն ինչ մեզի համար ստեղծեց, որպէսզի իր ստեղծածներով մենք նորոգուինք ու հոգիով գեղեցկանանք։
* * *
Ինչպէս Նոր Տարուան առիթով զիրար կ’ուրախացնենք եւ կ’ողջունենք՝ աւելի լաւին ցանկութեամբ ու մաղթանքով, այնպէս ալ, իւրաքանչիւր Նոր Տարի, մշտական պատգամ մը ունի փոխանցելու իւրաքանչիւր անհատի, հաւատացեալներուն՝ որպէս յիշեցում, անհաւատներուն՝ որպէս հաստատում։
Ա.- ՆՈՐՈԳՈՒԻԼ ՏԻՐՈՋՄՈՎ.-
Նախ՝ նորոգուիլը անհրաժեշտ է, որպէսզի կարելի ըլլայ նորով գեղեցկանալ, այդ գեղեցկութիւնը վայելել, ապա՝ վայելք դարձնել շրջապատին։
Այնպէս՝ ինչպէս ոեւէ առարկայ, սեփական դրամով գնուած կամ նուէր ստացած, մեր դէմքին ժպիտ կը բերէ, կը վայելենք անոր գեղեցկութիւնը, ապա՝ այլոց գնահատանքը կը ստանանք, այնպէս ալ, երբ Տիրոջմով նորոգուինք, մեր կեանքի անապատը՝ հոգիի դատարկութիւնը, չարին պատճառած վիշտը, ցաւը, զրկանքը, Սատանային յարձակումները եւ տակաւին բոլոր տառապանքները նոր ճամբով մը կը բախտաւորուին։ Այդ ճամբան Տիրոջ ուղիղ ճամբան է, որ պիտի վերանորոգէ մեզ։ Եթէ մեր կեանքի անապատին մէջ տեսնուող այդ ճամբէն քալենք, դալար արօտավայրերու մէջ պիտի հանգչինք եւ հանգստարար ջուրերու ափին պիտի սնուցանուինք։ Այդ ճամբան մեզ պիտի առաջնորդէ յաւիտենական խնճոյքի այն սեղանին (հմմտ Սղ 23), որուն մասին արդէն պիտի մարգարէանար Մեծն Եսայի, ըսելով.
«Անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւնան,
Խորշակը կամ արեւը պիտի չզարնեն անոնց,
Քանի որ անոնց գթացողը պիտի առաջնորդէ զանոնք,
Եւ ջուրի աղբիւրներու քով պիտի տանի զանոնք» (Ես 49.10)։
Նոր Տարին իր բոլոր տրամադրութիւններով, յիշեցո՛ւմ է բոլորիս՝ աղքատին ու հարուստին, մեծին ու փոքրին, սգաւորին ու երջանիկին, որպէսզի բացուող նոր առաւօտուն, նոր սիրտով եւ ուղիղ հոգիով Աստուծոյ ներկայութեան կանգնինք (հմմտ Սղ 51.10-11)։
Բ.- ԱՍՏՈՒԱԾՊԱՇՏՈՒԹԵԱՄԲ ԱՊՐԻԼ.-
Աստուծմով նորոգուելու գլխաւոր նպատակը Աստուածպաշտութեամբ ապրիլն է, որպէսզի կարենանք ժառանգել երկինքի արքայութիւնը։
Նոր Տարին շատերու համար ուրախութեան ժամանակաշրջան է, եւ ինչո՞ւ չէ։ Պէ՛տք է ուրախ ըլլալ։ Ով որ ուրախ չէ, կը նշանակէ, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը չունի իր կեանքին մէջ։ Զգո՜յշ սակայն. որովհետեւ կրնանք դժուարութիւններ, հիւանդութիւններ, մեր ընտանիքներուն մէջ ննջեցեալներ ունենալ եւ տակաւին մեր սիրտը կրնայ ցաւերով ու դառն յիշատակներով լեցուն ըլլալ, որոնք մեր հոգին կը մթագնեն ու կը տխրեցնեն։ Բայց ինչ ալ ըլլան պայմանները՝ ուրախութիւնը բերող կամ ցաւ պատճառող, երբ Նոր Տարուան բերած ուրախութիւնը կարենանք Քրիստոսով գեղեցկացած տեսնել, այն ատեն Նոր Տարուան ուրախութիւնը կ՚իմաստաւորուի։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս սորվեցուց, որ եթէ Տիրոջ անունով խնդրենք, պիտի ստանանք եւ մեր ուրախութիւնը կատարեալ պիտի ըլլայ (հմմտ Յհ 16.24)։
Նոր Տարուան առաւօտուն, երանի՜ թէ կարենայինք մեր կեանքի անապատին մէջ տեսնել Տիրոջ բացած ճանապարհը ու լսել անապատէն հոսող գետերուն ձայնը, որ կ՚ըսէ.
«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։ Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յհ 14.27)։
Կ’ուզե՞նք մեր կեանքի անապատէն դուրս ելլել, կ՚ուզե՞նք մեր կեանքի անապատը գետերով ճոխացած տեսնել, այն ատեն, Նոր Տարուան առաւօտուն զիրար յիշեցնենք, Պօղոս Առաքեալին պատգամը՝
«Ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզէ. որովհետեւ եթէ մարմինի մարզանքները որոշ բաներու օգտակար են, աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, քանի կը խոստանայ կեանք տալ՝ թէ՛ այս աշխարհին եւ թէ՛ հանդերձեալին մէջ» (Ա.Տմ 4.8)։
* * *
Նոր Տարուան գեղեցիկ այս օրերուն, պէտք է յիշենք, որ կեանքի ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ որ ապրինք, Տիրոջմով ցնծալը մարդուն սեպուհ պարտականութիւնն է, որովհետեւ մեր Տէրն ու Փրկիչը արդարութիւնն ու իրաւունքը կը սիրէ, աշխարհը Իր սիրովը լեցուն է (հմմտ Սղ 37.3,5)։
Նոր Տարուան այս գեղեցիկ օրերուն պէտք է յիշենք, որ ուրախանալու ատեն կրնայ մարդուն սիրտը սաստիկ ցաւիլ, մորմոքիլ, տանջուիլ, բայց Տիրոջ վստահողը երանելի է (հմմտ Առ 14.13։ 16.20)։
Նոր Տարուան այս յուսաշող օրերուն պէտք է յիշենք, որ ամէն բանի ժամանակը կայ. ծնելու եւ մեռնելու, ծիծաղելու եւ հեծեծելու, փնտռելու եւ կորսնցնելու, պահելու եւ նետելու, լռելու եւ խօսելու, սիրուելու եւ ատուելու, պատերազմի եւ խաղաղութեան։ Աստուած ամէն ինչ գեղեցիկ ստեղծեց ժամանակին եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութեան մտածումը դրաւ։ Այժմ, բացի ուրախանալէ եւ կեանքի ընթացքին բարիք ընելէ զատ ուրիշ բան չկայ։ Իսկ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը նաեւ իր ամբողջ աշխատանքին բարօրութիւնը վայելելը՝ Աստուծոյ պարգեւն է (հմմտ Ժղ 3.1-13)։
Նոր Տարուան այս հրաշագեղ օրերուն, պէտք է յիշենք Առաքեալին պատուէրը, որ կ՚ըսէ.
« Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ՚ըսեմ` ուրախ եղէք: Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք: Շուտով Տէրը կու գայ: Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ՝ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են» (Փլպ 4.4-7):
Նոր Տարուան այս օրհնալից օրերուն, պէտք է յիշենք նաեւ այն մի՛ւս Առաքեալին պատգամը, որ կ՚ըսէ.
«Սիրելինե՛ր, տարօրինակ մի՛ համարէք ոեւէ փորձութիւն, որ կրակի պէս կÿայրէ ձեզ։ Անբնական բան մի՛ համարէք զայն, այլ՝ Քրիստոսի չարչարանքներուն մասնակցութիւն նկատեցէք եւ ուրախացէ՛ք, որպէսզի երբ Քրիստոս իր փառքով յայտնուի՝ նոյնպէս ցնծութեամբ ուրախանաք» (Ա.Պտ 4.12-13)։
Ի վերջոյ, Նոր Տարուան այս բերկրալից օրերուն, մի՛ մոռնաք Եսայիի մարգարէութիւնը, որուն ճամբան պիտի բացուի քանի մը օրէն՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդով եւ Աստուածայայտնութեամբ։ Յայտնութիւն մը, որ մեր անապատացած կեանքին մէջ՝ գետի պէս պիտի հոսի, ծաղկեցնելու, գեղեցկացնելու եւ յագեցնելու ծարաւը բոլոր անոնց, որոնք խմելէ ետք այդ ջուրէն պիտի չծարաւնան.
«Ահա՛ ես նո՛ր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի պատահի…
Ես անապատին մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ,
Եւ ամայութեան մէջ գետեր պիտի հոսեցնեմ»։
* * *
Նոր Տարուան շեմին, որդիական ակնածանօք, կ՚ուզեմ շնորհաւորել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Սրբազնագոյն Գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Նոր Տարին։ Ծառայաբար կ՚աղօթեմ, որ Աստուած կատարեալ առողջութիւն պարգեւէ իրաւազրկուած մեր ժողովուրդի Հայրապետին, որպէսզի Իր արծուաթռիչ սլացքով, իմաստութեամբ եւ օրհնութեամբ, ազգովին բարձրանանք ու հասնինք մեր բոլոր նպատակներուն, որոնց գլխաւորագոյնը Երկինքի Թագաւորութիւնն է եւ բռնագրաւուած մեր հողերու վերադարձը։ Այս առիթով, յանուն մեր խնամքին յանձնուած Գանատահայութեան, որդիաբար մատչիմք ի Սուրբ Աջոյն Կիլիկիոյ Սրբազնասուրբ Հայրապետին, միաժամանակ հայցելով Անոր Հայրապետական Օրհնութիւնը։
Որդիական սիրով եւ խոնարհաբար, կը շնորհաւորեմ Գանատայի Հայոց Թեմի Անդրանիկ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանի Նոր Տարին։ Խոնարհաբար կ՚աղօթեմ, որ Աստուած Սրբազան Հայրերուն եւ Միաբանակից Աւագ եղբայրներուս շնորհէ երկար կեանք հանդերձ առողջութեամբ։
Եղբայրական սիրով կը շնորհաւորեմ Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբ. Եպս. Յովակիմեանը, հանդերձ հոգեւորականաց եւ ժողովականաց, մաղթելով, որ Աստուած առողջութիւն, բեղուն եւ ծաղկեալ առաջնորդութիւն պարգեւէ Սրբազան Հօր։
Նոր Տարուան հրաշագեղ այս օրերուն, հայրական սիրով կը շնորհաւորեմ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի մեր բոլոր նուիրեալ Հովիւներն ու ծուխերը.-
Հայրական սիրով կը շնորհաւորեմ՝ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ զաւակները, Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանը, Հոգաբարձութիւնն ու բոլոր նուիրեալները։
Աղօթասացութեամբ կը շնորհաւորեմ՝ Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ զաւակները, Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեանը, Հոգաբարձութիւնն ու բոլոր նուիրեալները։
Օրհներգութեամբ կը շնորհաւորեմ՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ զաւակները, Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանը ու Ծխատէր՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեանը, Հոգաբարձութիւնն ու բոլոր նուիրեալները։
Սաղմոսերգութեամբ կը շնորհաւորեմ՝ Գէմպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ զաւակները, Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանը, Հոգաբարձութիւնն ու բոլոր նուիրեալները։
Երկնահայց բարեմաղթութիւններով կը շնորհաւորեմ՝ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ զաւակները, Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը, Հոգաբարձութիւնն ու բոլոր նուիրեալները։
Հրեշտակներուն հետ երգակցութեամբ կը շնորհաւորեմ՝ Քէպէքի, Հալիֆաքսի, Սէնթ Գաթրինզի Ս. Պօղոս եւ Ուինիփէկի Ս. Վարդան համայնքներու զաւակները, Հոգաբարձութիւններն ու բոլոր նուիրեալները։
Երախտագիտական զգացումներով կը շնորհաւորեմ՝ Թեմիս ծառայութեան լծուած բոլոր նուիրեալ հայկակներն ու հայկուհիները։ Թող Աստուած օրհնէ մեր կրտսեր եղբայր՝ Հոգշ. Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեանը հանդերձ առողջութեամբ։ Թող Աստուած օրհնէ՝ մեր նուիրեալ Սարկաւագները, Կիսասարկաւագները, Դպրապետներն ու Դպրապետուհիները, Դպիրները, Դպրուհիները, Տիկնացները, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան առաքեալները, Բանկալի պահապանները, Լուսարարները եւ բոլոր նուիրեալ հերոսները մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Նոր Տարուան հրաշաբեր օրերուն սպասումով, կը շնորհաւորեմ՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Տիար Արմէն Եկանեանն ու քաղցրաբարոյ Տիկին Մարիան՝ հանդերձ զաւակօք, անոնց մաղթելով հայրենանուէր գործունէութիւն, առողջ եւ պտղաբեր կեանք։
Հայրական սիրով կը շնորհաւորեմ՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեայ ճանապարհին իրենց զոհողութեամբ դրսեւորուած եւ հրացած Հայ Դատի առաքելութեան բոլոր նուիրեալներն ու հաւատաւոր ազգայինները, որոնք ինչպէս միշտ, բայց մանաւանդ անցնող տարուան ընթացքին պատի՛ւ բերին ե՛ւ մեր նահատակներուն ե՛ւ մեզի։ Կ՚աղօթեմ, որ անոնց սրտերուն եւ ողջ էութեան մէջ, աննահանջ պայքարի ոգին մնայ միշտ բորբ, Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականով։
Նոր Տարուան սեմին, յաջողութիւններու ակնկալութեամբ եւ հաւատքով կը շնորհաւորեմ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ «Բաստրմաճեան» Երկրորդական եւ «Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան» Նախակրթարանները, Շաբաթօրեայ Վարժարանը, «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» Մանկապարտէզն ու Հ.Օ.Մ.-ի Սուրբ Յակոբ Մանկամսուրը։ Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Երկրորդական, «Գոլոլեան» Նախակրթարանն ու «Պապայեան» Մանկապարտէզը։ Հ.Օ.Մ.-ի Գէմպրիճի, Վանգուվըրի, Համիլթընի եւ Սէնթ Գաթրինզի Շաբաթօրեայ Վարժարանները, իրենց տնօրէններով, ուսուցչակազմերով, բարերարներով, ծնողներով եւ մանաւանդ սիրասուն աշակերտներով։
Խոնարհելով Հ.Օ.Մ.-ի Աստուածապարգեւ խաչուհիներուն առջեւ, հայրական սիրով կը շնորհաւորեմ՝ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնն ու բոլոր ճառագայթեալ մասնաճիւղերը, բեղմնաւոր ծառայութեան փափաքով։
Նոր Տարուան լուսապարգեւ այս օրերուն, հայրաբար կը շնորհաւորեմ՝ մեր Կեդրոններու Միութիւններն ու Կազմակերպութիւնները, Շրջանային եւ Տեղական վարչութիւններով հանդերձ՝
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան անխոնջ նուիրեալները,
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հպարտութիւն առթող տարազաւորներն ու մարզիկները,
Հայ Երէցներու հաւատասնունդ ընկերակցութիւնները,
Հայրենասիրութեամբ լուսավառ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական, Գանատայի Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւնները,
Բոլորին մաղթելով բարիով աւարտին հասցնել իրենց բարի մտածումներն ու աշխատանքները։
Երախտագիտութեան զգացումներով կը շնորհաւորեմ՝ «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի խմբագիրն ու աշխատակազմը, որոնք մշտապէս Ազգային Առաջնորդարանիս գործունէութեան արձագանգողներն են։
Կը շնորհաւորեմ «Թորոնթոհայ» Ամսաթերթը, «Նոր Հայ Հորիզոն» եւ «Հայ Հորիզոն» պատկերասփիւռի յայտագիրները։ «Կիլիկիոյ Ձայն» ու «Հայոց Աշխարհ» ռատիոժամերը, բոլորին մաղթելով յարաճուն վերելք։
Ի վերջոյ, կը շնորհաւորեմ ձեզ բոլորդ, սիրելի եւ պաշտելի զաւակներ Հայ Ժողովուրդի։
Նոր Տարուան շնորհալից առիթով, տկար ձեռքերս առ Աստուած կը բարձրացնեմ եւ մեղքերով լեցուն աղօթական շրթներս բանալով կ՚աղօթեմ, ըսելով.
Ո՜վ Տէր, Նոր Տարուան այս շնորհաբեր օրերուն, զարդարէ՜ մեր ծնողները՝ Յաւիտենական, Սրբութեան եւ Մխիթարիչ Հոգիովդ, որպէսզի հաւատքի ու ողորմութեան պարգեւներով գեղեցկանան։
Ո՜վ Տէր, Նոր Տարուան այս շնորհընկալ օրերուն, օրհնէ՜ մեր զաւակները՝ Կեանքի, Իմաստութեան եւ Յայտնութեան Հոգիով, որպէսզի սիրով, խաղաղութեամբ, հեզութեամբ, արդարութեամբ եւ երկայնամտութեամբ զարդարուին։
Ո՜վ Տէր, Նոր Տարուան այս շնորհաբաշխ օրերուն, պահպանէ՜ մեր թոռները՝ Որդեգրութեան, Ճշմարտութեան եւ Շնորհքի Հոգիովդ, որպէսզի քաղցրութեամբ, բարութեամբ, հաւատարմութեամբ, ժուժկալութեամբ եւ ճշմարտութեամբ պտղաւորուին։
Ո՜վ Տէր, Նոր Տարուան այս շնորհափայլ օրերուն, մաքրէ՜ ու սրբէ՜ մեր հոգիները, որպէսզի կարենանք յիշել Սուրբ Խօսքերդ, երբ ողորմաբար ըսիր.
«Ձեր վրայ մաքուր ջուր պիտի սրսկեմ, ու պիտի մաքրուիք.
Ձեր բոլոր անմաքրութիւններէն, ձեր բոլոր չաստուածներէն ձեզ պիտի մաքրեմ։ Նաեւ ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ, եւ ձեր ներսը նոր հոգի պիտի դնեմ. ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։
Իմ հոգիս պիտի դնեմ ձեր ներսը, եւ իմ կանոններովս ընթանալ պիտի տամ ձեզի. իմ որոշումներս պիտի պահէք ու գործադրէք» (Եզ 36.25-27)։ Ամէն։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Բարի Կաղանդ։
Ալէլուիա, Ալէլուիա, Ալէլուիա…
Աղօթարար՝
ՄԵՂՐԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՐԻՔԵԱՆ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին
ԿԱՂԱՆԴ ԵՒ ՏԱՐԵՄՈՒՏ
2016 թուին Քրիստոսի