Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Ներկայ գտնուեցաւ
«Հրանդ Տինք» Օրաթօրիոյի ձեռնարկին

Շաբաթ, 18 Մարտ 2017-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ «Հրանդ Տինք» Օրաթօրիոյի ձեռնարկին՝ կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի Պոլսահայ Միութեան։

Սոյն ձեռնարկը նուիրուած էր Պոլսահայ Միութեան 50-ամեակին եւ Հրանդ Տինքի ահաբեկման 10-ամեակին։ Ձեռնարկին կը մասնակցէր նաեւ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, Մոնթրէալի Սանահին Մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբը։

Ձեռնարկէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» սրահէն ներս կազմակերպուած ընդունելութեան։ Սեղանի օրհնութենէն ետք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շնորհաւորելէ ետք կազմակերպիչներն ու արուեստագէտները, իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հրանդ Տինքը սովորական լրատուութիւն կատարող խմբագիր չէր, այլ կեցուածք ունեցող, անցեալը յիշեցնող, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայն խօսող քաջարի հայ հերոս մըն էր»։

Իր փակման խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Պոլսահայ Միութեան 50-ամեակին եւ գնահատեց հիմնադիր անդամները, որոնք գեղեցիկ մտայղացումը ունեցած են Պոլսահայ Մշակութային Միութիւն մը հիմնել այս ափերուն վրայ, մշակութային արժէքներու պահպանման եւ մանաւանդ նոր սերունդին փոխանցելու աւելի հարազատը, հայկականը եւ աւանդականը։