10 Aug HORIZON INTERVIEW 2016
Լաւալի Ս. Գէորգ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, 13-14 Մայիս 2016-ի կայացած Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրեց Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արքեպիսկոպոս Չարեանը: «Հորիզոն» առիթ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին հետ ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցը կատարելու։
«Հորիզոն».- Առաջին հերթին, իբրեւ հովուական վաստակաշատ անցեալ ունեցող հոգեւորական, պիտի խնդրէինք, որ մեր ընթերցողներուն հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացնէք Նոր Ջուղայի ձեր Առաջնորդական 12-֊ամեայ առաքելութիւնն ու պատմական անցեալով հարուստ Նոր Ջուղայի գաղութը։
Բաբգէն Արք. Չարեան.- Նախ շնորհակալ եմ Հորիզոն Շաբաթաթերթի խմբագրութեան այս առիթին համար, զրուցելու ձեզ հետ եւ իմ մտածումներս բաժնելու մեր ժողովուրդին հետ։ Ճիշդ է, որ 12 տարիներ որպէս Առաջնորդ ծառայեցի Սպահանի Հայոց Թեմի իմ ժողովուրդիս։ Սպահանի Հայոց Թեմը կ՚ընդգրկէ Իրանի կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններու մէջ բնակող հայ համայնքները եւ իր աւելի քան 400-ամեայ պատմութեամբ կը համարուի Իրանահայ հնագոյն թեմական կառոյցներէն մէկը։
12 տարիներու ընթացքին, բնականօրէն, գործակից ունենալով թեմական կառոյցներու մէջ աշխատող անձինք, համայնքային կեանքը ղեկավարեցինք տարբեր բնագաւառներու համահայակական բնոյթ կրող աշխատանքները։ Թեմի գերագոյն եւ օրէնսդիր ժողովի կողմէ ընտրուած գործադիր մարմիններն են թեմական եւ կրօնական խորհուրդները։ Թեմական Խորհուրդը իր ենթամարմիններով՝ Կրթական, Բարեսիրական, Կալուածա-տնսեական եւ Երիտասարդական, կը փորձէ համայնքային կեանքը աշխուժացնել եւ հնրաւորինս մեղմացնել հայ ընտանիքներու դժուարութիւնները, հասարակական, երիտասարդական, կրթական, բնակարանային եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ։ Կրօնական Խորհուրդը իր
ենթամարմիներով՝ Եկեղեցեաց Վարչութիւն, Դատաստանական Խորհուրդ, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդ, հոգեւոր երգչախումբերով եւ լսարաններով, կ՚աշխատի Թեմի կրօնական կեանքը, եկեղեցական արարողութիւնները, քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխատանքները կազմակերպել եւ կտակային յատկացումներ կատարել, ինչպէս նաեւ վերահասու դառնալ համայնքի անդամներու խորհրդակատարութիւններուն, ընտանեկան անհամաձայնութիւնները հարթելու եւ ամուսնալուծման հարցերը քննելու եւ վճռահատելու աշխատանքներուն։ Հետամուտ ըլլալ նաեւ եկեղեցիներու պահպանման ու բարեզարդման։
Թեմի մշակութային գործունէութիւնը գլխաւորաբար կը կատարուի համայնքի մէջ գործող միութիւններով եւ կազմակերպութիւններով։
Ազգային Առաջնորդարանի գլխաւոր կառոյցներէն է Սուրբ Ամենափրկիչ Վանքը, որ ոչ միայն Թեմի հոգեւոր եւ համայնքային կեանքի միջնաբերդը կը հանդիսանայ, այլ նաեւ իր պատմական եկեղեցիով, թանգարանով եւ գրադարան-մատենադարանով կը համարուի համահայկական նշանակութեամբ պատմամշակութային հարուստ կեդրոն ինչպէս նաեւ իրանցի եւ արտասահմանեան զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան առարկայ։ Թեմին մէջ կ՚աշխատին նաեւ այլ կառոյցներ, ինչպէս՝ Կանանց Միութիւններ, Հայրենակցական Միութիւններ, Մշակութային ու Սկաուտ-մարզական Միութիւններ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր Հայ Դատի կառոյցով։
«Հորիզոն».- Ի տարբերութիւն Միջին Արեւելեան հայահոծ գաղութներուն, արեւմտեան կիսագունդի մեր հայկական գաղութները այսօր կը դիմագրաւեն հայեցի դաստիարակութեան մարտահրաւէրը։ Նկատի ունենալով, որ Սփիւռքի գոյատեւելիութեան համար խիստ կարեւոր այդ բաղադրիչը մաս կը կազմէ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան, ի՞նչ ձեւով նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ հայեցի դաստիարակութեան ձեր առաքելութիւնը։
Բաբգէն Արք. Չարեան.- Հայեցի դաստիարակութիւնը, յատկապէս սփիւռքեան մեր Թեմերուն մէջ կարեւոր առաքելութիւն մը կը համարուի եւ պէտք իբրեւ այդպիսին անհրաժեշտ է որ բոլորիս ուշադրութեան առարկան դառնայ։ Բնականօրէն, դպրոցներու մէջ կրթական մարմիններու հսկողութեամբ, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերու կողմէ կը կատարուի այդ աշխատանքը։ Սակայն, բաւարար չէ միայն դպրոցներու մէջ ջամբուած հայեցի դաստիարակութիւնը, որովհետեւ, հայեցի դաստիարակութիւն ըսելով չենք հասկնար միայն լեզու, պատմութիւն, գրականութիւն։ Հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է սկսի օրօրոցէն, հայ ընտանիքէն ու շարունակուի հայ դպրոցին մէջ եւ հայ դպրոցի կողքին մեր եկեղեցիներուն ու միութիւններու մէջ։
Հայեցի դաստիարակութիւնը մենք կը նկատենք իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնը, համագանատական եւ միասնական համադրումով։ Բնականօրէն Առաջնորդարանը իր Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի միջոցով կազմակերպելու է լսարաններ, միջոցառումներ յատկապէս այն պատանիներուն ու երիտասարդներուն, որոնք օտար դպրոցներ կը յաճախեն եւ հեռու են մեր կեդրոններէն, միութիւններէն եւ եկեղեցիներէն։ Դաստիարակութեան համար ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել, որովհետեւ դաստիարակութիւնն է եւ այս պարագային հայեցի դաստիարակութիւնը, որ կ՚երաշխաւորէ վաղուան առողջ սերունդները, վաղուան իսկական տէրերը եւ պաշտպանները մեր սրբութիւններուն, արժէքներուն եւ արդար իրաւունքներուն։ Այստեղ կ՚ուզեմ յայտնել, որ տակաւին համայնքին հետ ծանօթացման եւ ճանաչման ընթացքի մէջ եմ, յառաջիկայ ամիսներուն առիթը կ՚ունենանք խորհուրդի հետ միասին ծրագրելու, կազմակերպելու եւ իրագործելու։
«Հորիզոն».- Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է քրիստոնէական կրօնքի դաստիարակութիւնը։ Ի՞նչ ձեւաչափով կը նպատակադրէք 21-֊րդ դարու համաշխարհայնացած «գիտարուեստի սերունդ»ը ներգրաւել մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին մէջ։
Բաբգէն Արք. Չարեան.- Այնպէս ինչպէս հայեցի դաստիարակութիւնը, նոյնպէս քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կարեւոր աշխատանքներէն մէկը պիտի ըլլայ մեր առաքելութեան մէջ։ Այնպէս ինչպէս հայակերտման աշխատանքը կարեւոր է, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է մարդակերտման առաքելութիւնը։ Այս աշխատանքները զիրար կ՚ամբողջացնեն, լաւ մարդը եւ լաւ հայը ունենալու համար։ Թեմիս քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդը, կը հսկէ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանքներուն, կը կազմակերպէ ուսուցիչներու վերաւորակաւորման աշխատանոցներ, երիտասարդական համախմբումներ, եւ դպրաց դասերու համագումարներ։ Մեր ժամանումէն ետք, Օնթարիոյ մեր այցելութեան ընթացքին, Գէմպրիճի մէջ, միօրեայ հոգեւորականաց Խորհրդաժողով ունեցանք եւ անդրադարձանք քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխատանքներուն, կարիքներուն եւ ծրագիրներուն։ Բնականօրէն նոր առաջարկներ եւ ծրագիրներ գոյութիւն ունին յառաջիկայ տարուայ աշխատանքներուն մէջ ներառելու։ Մեր բոլոր Հոգեւոր Հովիւները եւ Հոգաբարձութիւնները պէտք է զօրավիգ ըլլան եւ քաջալերեն մեր նոր սերունդին եւ ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն համար ստեղծելու հետաքրքրական, գրաւիչ բայց միաժամանակ դաստիարակիչ լսարաններ եւ միջոցառումներ, որոնք հոգեւորապէս պիտի սնուցանեն եւ կապուածութիւն մը ստեղծեն մեր եկեղեցիներու եւ հայ կեդրոններու շուրջ ներգրաւուած պահելու զիրենք 21-րդ դարու համաշխարհայնացման պատճառած այլասերումի ալիքին դէմ։
«Հորիզոն».- Արդէն իսկ գրեթէ աւարտած էք մեր թեմի եկեղեցական համայնքներու ձեր այցելութիւնները։ Ի՞նչպէս կ՛արժեւորէք մեր համայնքները։
Բաբգէն Արք. Չարեան.- Առիթը ունեցայ Քէպէգի եւ Օնաթրիոյի մեր համայնքները այցելելու։ Այցելութիւններու ընթացքին, տեսայ իւրաքանչիւր համայնքի դրուածքը, մօտեցումը եւ աշխատելու հնարաւորութիւնները։ Իսկապէս հիացայ, երբ տեսայ կազմակերպուած համախումբ եւ եկեղեցանուէր ու ազգօգուտ նուիրական աշխատանքը։ Բնականօրէն, դժուարութիւններ գոյութիւն ունին, բայց այդ բոլորը ոչ թէ պէտք է յուսահատեցնեն, այլ առիթ պիտի ըլլան մեր կամքերը պրկելու, մեր ձեռքերը իրար ձեռքերու մէջ դնելու, առաւել յանձնառութեամբ աշխատելու ի խնդիր մեր համայքներու հոգեւոր եւ ազգային կեանքի բարօրութեան եւ մեր Թեմի առաւել զարգացման եւ հզօրացման։
Այս առիթով շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել իմ նախորդներուն, եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներուն եւ բոլոր այն ազգայիններուն, որոնց միջոցով աշխատանքներ կատարուած են եւ կը շարունակուի կատարուիլ։ Հաւաքական եւ միասնական աշխատանքն է որ հրաշքներ կը գործէ ։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Վահագն Գարագաշեան